«Արի Տուն»-ը Կը Մեկնարկէ Օգոստոս 9-ին Կամ 10-ին. Սփիւռքի Նախարար
«Արի տուն» ծրագիրի մեկնարկի ժամկէտն աւելի ստոյգ կը յայտարարենք յունիս 13-ին, բայց ամենայն հաւանականութեամբ այն կ՛ըլլայ օգոստոս 9-10: «Արի տուն»-ը եւ միւս ծրագիրները նախարարութեան մեր խումբի աշխատանքի ընթացքին արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Բոլոր այն ծրագրերը, որոնք մենք չենք կասեցրել եւ իրականացնում ենք, լինելու են նպատակաուղղուած կոնկրետ արդիւնքի»,-լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
Անոր կարծիքով` ծրագիրի բուն նպատակը ոչ այնքան հայրենադարձութիւնն է, որքան երիտասարդներուն` հայրենիքի հետ կապի ուժեղացումը: Ատիկա եւս մէկ քայլ է Հայաստանի հետ կապն ամրապնդելու համար: Շատերը անցեալին երբեք չեն այցելած հայրենիք: «Բացի այդ, ծրագրի մէջ մտցուած է կրթական բաղադրիչ` լեզուի, պատմութեան դասընթացներ, մշակութային ժառանգութեանը ծանօթացում, ճանաչողական այցեր»,-ըսաւ նախարարն ու աւելցուց, որ կը պատրաստուին ատոնք լիովին իրագործել: