Տեղի Կ’ունենայ Օփերայի Երգիչ Գէորգ Հաճեանի Մենահամերգը

Յունիս 29-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի կ’ունենայ լիբանանահայ հայրենադարձ օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանի մենահամերգը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, համերգային ծրագիրը կը նուիրուի Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հչռակման 100-ամեակին:

Երեկոյի ընթացքին  պիտի հնչեն Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Դանիէլ Երաժիշտի ստեղծագործութիւնները եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Scroll Up