Նոր Ալպոմ-Վաւերագիր. Առաջին Հանրապետութեան 100 Էջերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/գիրք-1.jpg)
Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման` Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100-ամեայ տարեդարձին ընդառաջ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա Գալստեանի եւ լիբանանահայ հայրենադարձ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի աշխատութեամբ լոյս տեսած է «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» վերնագիրով ալպոմ-վաւերագիրը:
Այս նախաձեռնութեան գաղափարը Գաբրիէլ Փանոսեանի մօտ ծագած է դեռեւս 2015 թուականին, երբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու աւարտէն ետք Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան առիթով մը ըսած է, որ յաջորդ հանգրուանը պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նախապատրաստուիլը: Այս խօսքերը հիմք հանդիսացած են իրականացնելու նախագիծ մը` իր համեստ ներդրումն ունենալով համահայկական ձեռնարկներու շարքին:
«Պատեհ առիթ համարեցի Մայիսեան տօներուն ընդառաջ որեւէ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ. նախ մտածեցի փաստագրական լուսանկարներու ցուցահանդէս կազմակերպել, որուն ուղղութեամբ սկսայ ծաւալուն աշխատանք կատարել: Անտիպ նմուշներ գտնելու խնդրանքով` դիմեցի տարբեր մարդոց, թանգարաններ, սակայն հասկցայ, որ այդ լուսանկարները պէտք է նաեւ բացատրութիւն ունենան, ուստի համագործակցութեան առաջարկով դիմեցի պատմաբան, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժնի վարիչ Սեդա Գալստեանին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ լուսանկարիչը:
Ժամանակի ընթացքին հաւաքելով լուսանկարներն ու նիւթերը` անոնք նկատած են, որ աշխատանքներն օրէ օր կը ծաւալուին, այդ պատճառով ալ որոշած են պատկերագիրք հրատարակել եւ լուսանկարներու հետ միաժամանակ ներկայացնել Առաջին Հանրապետութեան արժանայիշատակ իրադարձութիւններն ու պետական գործիչներու գործունէութիւնը: Ութ ամսուան մանրակրկիտ աշխատանքէն ետք հիմա արդէն գիրքն ընթերցողի սեղանին դրուած է:
Արեւելահայերէն եւ արեւմահայերէն լեզուներով տպագրուած պատկերագիրքը հրատարակելու համար հովանաւորած են Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրլեան կոմիտէն, ինչպէս նաեւ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգսեանները` Սան Ֆրանսիսքոյէն: Պատկերագիրքը արմտահայերէնի վերածած է «Եռագոյն» արեւմտահայերէն առաջին լրատուական կայքի խմբագիր Նարինէ Դումանեան:
Արժէքաւոր նիւթեր հաւաքելու նպատակով Գաբրիէլ Փանոսեան ու գիրքի խմբագիր Սեդա Գալստեան օգտուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային, Հայաստանի պատմութեան թանգարաններէն: Արխիւային բացառիկ լուսնկարներ փոխանցած են Համօ Օհանջանեանի եւ Դրաստամատ (Դրօ) Կանայեանի թոռները: Ի դէպ, գիրքի օրինակներէն ուղարկուած են սփիւռքեան տարբեր համայնքեր:
Մայիս 16-ին ԵՊՀ Մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պատկերագիրքի շնորհանդէսը, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած է: Ներկայ պատմաբաններն ու մտաւորակնները բարձր գնահատած են այս գիրքի լոյս ընծայումը` շեշտելով, որ այն իր հարուստ եւ ընդգրկուն բովանդակութեամբ լիարժէքօրէն կարելի է պատմագիտական հանդէս համարել: