Պետութիւն` Վերջին Հողակտորի Վրայ

Հայրենիք- Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Անկախութեան հարիւրամեակին: Ձեռնարկին իւրայատկութիւնը կը կայանար, 1918 թուականին անկախացած հանրապետութեան պաշտօնական արխիւներէն նմոյշներ ցուցադրելուն մէջ, որոնց շարքին էր նաեւ այն գլխաւոր փաստաթուղթը, որ աւետած է հայկական անկախ պետութեան հիմնադրութեան մասին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը:
Օգտուելով այն պատեհութենէն, որ Անկախ Հայաստանի արխիւներուն պատկառելի մասը կը գտնուի «Հայրենիք» Հաստատութեան շէնքին մէջ, կազմակերպողները յատուկ խնամքով այցելուներուն առջեւ ցուցադրած էին տասնեակէ մը աւելի նմոյշներ, որոնք կը վերաբերէին նորանկախ Հանրապետութեան զինուորական, դիւանագիտական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու: Անոնց ընդմէջէն փոքրիկ պատկեր մը կը տրուէր այն բազում դժուարութիւններէն, զոր դիմագրաւած էր աւերակներէ ծնունդ առած հայոց պետութիւնը: Իւրաքանչիւր նմոյշի վրայ զետեղուած էր նաեւ անգլերէն կարճ բացատրութիւն մը տուեալ փաստաթուղթի մասին:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պոսթընի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գաղութի այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ կայացած սոյն երեկոյի երկրորդ բաժինով, ցուցադրուեցաւ հայրենի «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան պատրաստած, Արթուր Մկրտչեանի հեղինակային վաւերագրական Ժապաւէնի անգլերէն տարբերակը, որ կը կրէ «Պետութիւն Վերջին Հողակտորի Վրայ» (State on the Last Piece of Land) խորագիրը: Ժապաւէնը, Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղին կողմէ, ամբողջութեամբ թարգմանուած է անգլերէնի եւ վերակերտուած է այս անգլերէն օրինակը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան նախորդեց վարչութեան անդամ ընկ. Վազրիկ Չիլոյեանի բացման խօսքը, ուր ընկերը ընդգծեց անկախ պետութիւն կերտելու այն շղթան, որ կ՚երկարի Մայիսեան հերոսամարտերէն մինչեւ Արցախեան պայքար ու Հայաստանի վերջին ժողովրդային շարժում: Ընկերը իր ամփոփ խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մայիս 28-ը կը շարունակէ ըլլալ աւելին, քան անցեալի յիշատակում: Այն, մեր ժողովուրդի ապագային հանդէպ յանձնառութիւն է»:
Ներկաները շուրջ կէս ժամ ուշադիր հետեւեցան ժապաւէնին, որմէ ետք խումբ մը Հ.Ե.Դ.-ականներ ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներ կատարեցին «Սարդարապատ» եւ «Քաջ Դրօ» երգերը: