Արժանթինի Մէջ Հայկական Մշակութային Միութիւնները Նշած Են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրման 100-ամեակը
Մայիսը մեր համայն ժողովուրդի համար յաղթական ամիս է եւ պատահական չէ, որ մայիս 11-ին արժանթինահայ գաղութի երկու մշակութային միութիւններ` Արժանթինահայ մշակութային միութիւնը եւ «Շարժում» մշակութային միութիւնը, համատեղ նշեցին Սարդարապատի յաղթանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ «Շարժում» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ, ուր օրուան թեմայով հանդէս եկան Հնչակեան կուսակցութեան անդամ, իրաւաբան Տաթեւ Ասիլեան, ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան վարժարանի նախկին տնօրէն Ատոլֆօ Քութուջեան եւ ընկերաբան, Արժանթինահայ մշակութային միութեան անդամ Գաբրիէլ Սիւինեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, երեք զեկուցումներն ալ լսուեցան համակ ուշադրութեամբ` արժեւորելով հանդէս եկողներուն կողմէ ներկայացուող նիւթի հետաքրքիր ու մատչելի իրողութիւնը:
Յաղթանակներու մասին միայն զեկուցումները, առանց երգ ու պարի, արուեստի համ ու հոտի բաւարար չէին ըլլար, ուստի մայիս 24-ին հայ կաթողիկէ «Նարեկ» սրահին մէջ երկու մշակութային միութիւններու նախաձեռնութեամբ աւելի քան 250 հանդիսատես վայելեցին Արժանթինահայ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարախումբի եւ Անդրես Ստեփեանեանի ղեկավարած հայկական նուագախումբի ելոյթը, ինչպէս նաեւ երգիչներ Պապլօ Գույումջեանի, Միրթա Սաթջեանի, Սերխիօ Չապրասեանի, դաշնակահար Մխիթար Կուլուզեանի վարպետ կատարումները:
Համերգի աւարտին երեկոյի խօսնակ Իւան Պիսէգլիա Լոմլոմջեանը հրապարակեց Արժանթինահայ մշակութային միութեան եւ «Շարժում» մշակութային միութեան համատեղ յայտարարութիւնը` նուիրուած Սարտարապատի հերոսամարտի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին:
Այս փառապանծ պատմական յաղթանակներն ապահովուած են անառարկելի փաստի շնորհիւ. միասնականութիւն, միաբանութիւն, ազգային գաղափարի շուրջ հաւաքուելու կարողութիւն:
Անշուշտ, եղած են ու կան յաղթանակները սեփականաշնորհելու փաստեր, սակայն պատմութիւնը իր խօսքն ըսած է եւ դեռ կ’ըսէ, բնութիւնն ալ մէկ ծաղիկով գարուն չի բերեր, մեր փրկութիւնն ալ մեր հաւաքական ուժի մէջ է:
Համատեղ յայտարարութեան աւարտին գաղութի յառաջադիմական եւ ձախակողմեան հատուածի ներկայացուցիչ կազմակերպութիւնները կ՛ընդգծեն. «…Մենք Փարամազի, 20 կախաղաններու յետնորդներն ենք, Մեասնիկեանի, Շահումեանի եւ Կամոյի ժառանգներն ենք, զօրավար Անդրանիկի, Հայկ Բժշկեանցի, Մարոյի եւ մարշալ Բաղրամեանի յետնորդներն ենք եւ կը պայքարինք ու կը տեսնենք ազատ, ընկերվարական Հայաստան»: