Գոհաբանական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Աթէնքի Մէջ
այաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, Մայիս 27-ին,Գոհաբանական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Գոհաբանական մաղթանքը պիտի հանդիսապետէ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները։
Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը 10։00ին: Գոհաբանական Մաղթանքը՝ ժամը 11։30-ին:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, ներկայ գտնուելու հայոց արդի պատմութեան փառահեղ սխրագործութեան՝ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման պատմակերտ յոբելեանի խորհուրդով լիցքաւորուելու եւ ազգային հայրենակերտումի յանձնառու ոգիով գօտեպնդուելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան համար աղօթելու։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Աթէնք