«Պէտք Է Գործնականին ՄԷջ Արդիւնաւէտ Համագործակցիլ Սփիւռքեան Լրատուամիջոցներուն Հետ.» Դաւիթ Այվազեան

Յունաստանի մէջ հրատարակուող «Հայաստան» շաբաթաթերթը Աթէնքի «Հայաստան» հասարակական-մշակութային կեդրոնի պաշտօնաթերթն է: Եւրոպայի մէջ հրատարակուող արեւելահայերէն միակ շաբաթաթերթի ընթերցողները հիմնականին մէջ  Հայաստանէն Յունաստան գացած հայերն են:

Ըլլալով անկախ թերթ` ընթերցողներուն կը ներկայացուին Հայաստանի ներքաղաքական, մշակութային, հասարակական կեանքի մասին պատմող հրապարակումներ, որուն միջոցով ալ շաբաթաթերթը կը հանդիսանայ Հայաստանը-Սփիւռքին կապող կամուրջներէն մէկը: «Հայաստան» կեդրոնն ալ այդ ուղղութեամբ մշակութային տարբեր ձեռնարկներ  կը կազմակերպէ, Հայաստանէն պարախումբեր, երգչախումբեր, գիտնականներ եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հրաւիրում` ` այդպիսով աւելի հզօրացնելով կապը Հայրենիքի հետ:

 Ի դէպ, Երեւանի մէջ կը գործէ թերթի խմբագրութեան գրասենեակ, որուն գլխաւոր խմբագիրը Դաւիթ Այվազեանն է:

Խօսելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մայիս 30-էն յունիս 1-ը տեղի ունեցած «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագիրը կրող Լրագրողներու  համահայկական 9-րդ համաժողովի մասին` Դաւիթ Այվազեան «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց, որ աշխատանքի բերումով միշտ հետեւած է համաժողովի ընթացքին, սակայն առաջին անգամ կը մասնակցէր:

«Նկատած եմ` նախկին համաժողովներու ժամանակ հնչեցուցած առաջարկները բովանդակալից կերպով չեն իրագործուած: Պէտք է այսուհետեւ խօսքէն գործի անցնիլ եւ գործնականին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցիլ սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն հետ»,-ընդգծեց Դաւիթ Այվազեան:

 

 

Scroll Up