ՀՀ Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Նոր Ջուղայի Հայոց Ազգային Կրթահամալիրին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/ջուղա.jpg)
Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Քանանեան» եւ «Կատարինեան» աւագ դպրոցներու տեսչութիւններու, ուսուցչական կազմերու ու ծնողական խորհուրդներու համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ Նոր Ջուղայի մէջ ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ մայիս 1-ին, ժամը` 17:30-ին, կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտելիքներու մրցոյթ, իսկ ժամը 19:30-ին կրթահամալիրի կեդրոնական դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ աշակերտական լուսանկարներու մրցոյթ-ցուցահանդէսի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, գիտելիքներու մրցոյթի մեկնարկը հանդիսացաւ ՀՀ օրհներգի միասնական երգեցողութեամբ, ապա մրցոյթի վարիչ Կարին Տէր-Մարտիրոսեան ներկայացուց մրցոյթի կարգը, որուն մասնակցութիւն բերած էին 15 խումբէ կազմուած 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներ, ծնողներ եւ շրջանաւարտներ: Իւրաքանչիւր խումբի մէջ ընդգրկուած էր երեք մասնակից, որոնք պատասխանեցին հայոց պատմութեան, գրականութեան, մարզական, երգ-երաժշտութեան եւ ընդհանուր գիտելիքներու հարցաշարին: Ըստ իրաւարար կազմի նշանակած գնահատականներու ամենաշատ նիշ հաւաքած երեք խումբերը մրցեցան եզրափակիչ փուլին մէջ : Իբրեւ արդիւնք որոշուեցան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւած խումբերը:
Մրցոյթի աւարտին լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպիսկոպոս Քեչեճեանի ձեռամբ: Խորհրդանշական ժապաւէնի հատումէն ետք ներկաները շրջեցան սրահով, որմէ յետոյ աշակերտները հանդէս եկան ողջոյնի շնորհակալական խօսքերով` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք նշուած ձեռնարկներու իրականացման աջակցութիւն ցուցաբերած էին: Իսկ զոյգ դպրոցներու աշակերտներէն կազմուած երգչախումբը կատարեց «Հայոց տուն» եւ «Հայաստանը մերն է » երգերը` Նարբէյ Գրիգորեանի ղեկավարուոթեամբ:
Յաջորդիւ Հոնքոնկի մէջ կայացած աշակերտական լուսանկարներու միջազգային մրցոյթի յաղթողներուն շնորհուեցաւ նուաճած մրցանակը եւ պատուոգիրները, այունհետեւ գիտելիքներու եւ լուսանկարներու մրցոյթներու բոլոր մասնակիցները պարգեւատրուեցան գնահատագիրներով, իսկ յաղթողներուն եւ լուսանկարներու մրցոյթի կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցող Վազրիկ Մելքոնեանին յանձնուեցաւ նաեւ յուշանուէր` ձեռամբ թեմակալ Առաջնորդի, Ազգային մարմիններու եւ դպրոցի պատասխանատուներու ներկայացուցիչներու:
Պատուոգիրներու արժանացած էին նաեւ դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեան եւ աշխատակազմէն Կարին Տէր-Մարտիրոսեանն ու Սիւնէ Մինասեանը:
Ձեռնակի աւարտին Ազգային իշխանութեան անունէն թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեան, ողջունելով դպրոցին մէջ արտադասարանային ձեռնարկներու կազմակերպումը, իր հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց առ այն, որ դպրոցականները եւ Նոր Ջուղայի հայ համայնքը պատշաճ կերպով կը նշէ եւ կ՛արժեւորէ ՀՀ անկախութեան 100-ամեակը:
Նշելի է, որ լուսանկարչական մրցոյթին մասնակցած էին 21 աշակերտ-աշակերտուհիներ` 70 լուսանկարներով: Լուսանկարները գնահատած էին Սպահանի լաւագոյն լուսանկարիչները եւ լուսանկարչական դասընթացը, աշխատանոցը վարող անուանի լուսանկարիչ Եասէր Արաբը:
Լուսանկարները` հեղինակի