Շուէտի Խորհրդարանի Փոխխօսնակ Իզապէլ Տինկիզեանին Շնորհուած Է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Շքանշան
Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան Սքանտինաւիոյ հոգեւոր հովուութեան Մալմոյի եկեղեցական համայնքին մէջ մայիս 26-ին տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան Սքանտինաւիոյ հոգեւոր հովուութենէն, Շուէտի հայ համայնքին ու հայ եկեղեցիին մատուցած ծառայութիւններուն ու վաստակին բարձր գնահատանքով հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշան շնորհուեցաւ Շուէտի խորհրդարանի փոխխօսնակ տիկին Իզապէլ Տինկիզեանին:
Մալմոյի հայ համայնքի ներկայութեամբ մեծարեալի կերպարին, վաստակին ու գործունէութեան անդրադարձաւ կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի Սքանտինաւիոյ փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան, որմէ ետք «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ բերուեցաւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը եւ շքանշանը:
Տիկին Իզապէլ Տինկիզեանին ուղղուած հայրապետական կոնդակին մէջ գրուած է. «Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնից Հայրապետական սէր եւ օրհնութիւն ենք յղում Ձեզ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու արժանաւոր դստերդ:
Կենտրոնական Եւրոպայի եւ Շուէդիայի Հայրապետական Պատուիրակի պաշտօնակատար հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեանի միջոցով տեղեակ ենք Ձեր գործունէութեանը: Ուրախ ենք մեծապէս, որ երկար տարիներ մասնակցութիւն բերելով Շուէդիայի քաղաքական կեանքում ընտրուեցիք խորհրդարանի փոխխօսնակի պաշտօնում Ձեր օգտակար ծառայութիւնը բերելով երկրի զօրացմանն ու առաջընթացին:
Հայրապետիս համար գոհունակութիւն է գնահատականքի խօսք ուղղել Ձեզ ազգային մեր իրաւունքների պաշտպանութեան, ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ուղղուած Ձեր ջանքերի համար: Դուք հետեւողական աշխատանք իրականացրեցիք Շուէդիայի քաղաքական եւ հասարակական լայն շրջանակներում ներկայացնելով դարասկզբին մեր ժողովրդի նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութիւնը եւ նպատակաուղղուած ջանքերով հետամուտ լինելով երկրի խորհրդարանի կողմից Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունմանը… »:
Այնուհետեւ մեծարեալին շնորհուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:
Շնորհաբաշխութեան ուրախալի առիթով տիկին Իզապէլ Տինկիզեան իր երախտագէտ զգացումները փոխանցեց ներկաներուն, անդրադարձաւ իր ապրումներուն` խօսելով Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ գնահատուելու երջանկութեան, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներուն ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր կեանքի վերարթնութեան մասին: Տիկին Իզապէլ Տինկիզեան նաեւ վստահեցուց, որ Տինկիզեան ընտանիքը պիտի շարունակէ անբասիր ծառայել Սքանտինաւիոյ Հայոց Եկեղեցիին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին:
Հանդիսութիւնն ամփոփուեցաւ հոգեշնորհ հայր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեանի «Պահպանիչ» աղօթքով: