Արցախի Անվտանգութեան Ապահովումը Համայն Հայութեան Առաջնահերթութիւններէն Մէկն Է. Արամ Ա
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մարտ 12-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Լիբանան:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, վարչապետը Մարտ 12-ին եւ 13-ին շարք մը հանդիպումներ ունեցած է հայ եւ օտար ներդրողներու հետ, անոնց հետ քննարկած Արցախի մէջ ներդրումային եւ բարեգործական ծրագիրներու իրականացման հարցեր եւ ձեռք բերած համագործակցութեան յստակ պայմանաւորուածութիւններ:
«Արցախ Րութս Ինվեսթմընթս» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեան քննարկած է ընկերութեան ծրագիրները, ատոնց իրագործման ընթացքը եւ յետագայ ուղղութիւնները: Արայիկ Յարութիւնեան բարձր գնահատած է ընկերութեան ներդրումը Քաշաթաղի շրջանի զարգացման եւ բնակիչներու բարեկեցութեան մակարդակի բարելաւման գործին մէջ` համոզում յայտնելով, որ կառավարութեան եւ ընկերութեան միջեւ սերտ համագործակցութիւնը այսուհետ աւելի պիտի խորանայ եւ ընդլայնուի:
Մարտ 13-ին արցախեան պատուիրակութիւնը մասնակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջին կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագին, այնուհետեւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Արամ Առաջինի հետ: Վարչապետը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է լիբանանահայ համայնքի աշխոյժ մասնակցութիւնը Արցախի գոյապայքարի եւ զարգացման գործին մէջ` Արցախի բնակչութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնելով համայնքին` շարունակաբար ցուցաբերուող բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը ողջունած է Արայիկ Յարութիւնեանը` հաւաստիացնելով, որ Արցախի զարգացման ու անվտանգութեան ապահովումը համայն հայութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը եւս կը ծառայէ այդ առաքելութեան:
Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցը Լիբանան պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 15` ներառելով տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային բնոյթի հանդիպումներ ու ձեռնարկներ: