Այբուբենի Տօն Տիւմենի Հայկական Մշակոյթի Կեդրոնին ՄԷջ
Մայիս 25-ին Տիւմենի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնին մէջ (Տիւմենի մարզի «Հայաստան» հայկական մշակութա-լուսաւորչական հասարակական կազմակերպութեան կից գործող, նախագահ` Ա. Հովէյեան) մեծ տօն էր:
Դպրոցի սաները (դասվար` Ալուան Պօղոսեան) ներկայացուցին «Մեր դպրոցական մանկութեան հրաշալիքները» խորագիրով գեղեցիկ ձեռնարկ մը` նուիրուած այբբենարանի աւարտման օրուան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն մշակութային կեդրոնէն, աշակերտները ցուցադրեցին իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները` մեկնաբանելով ու համեմատելով նշուած իւրաքանչիւր հրաշալիք (Այբուբեն, մայրենի լեզու, մայր, գիրք, հայրենիք, մանկութիւն, դպրոց):
Անոնք մաքուր ու յստակ արտասանեցին այբուբենի տառերը, գեղեցիկ հայերէնով հնչեցուցին բանստեղծութիւններ` նուիրուած մայրենի լեզուին, հայրենիքին, մայրերուն, երգեցին երգեր: Աւարտին` «Դպրոց» բաժինին մէջ ունկնդիրներուն այնչափ յուզմունք պատճառեց առաջին ուսուցիչին նուիրուած ասմունքը, բոլորը կարծես մտովին պահ մը տեղափոխուեցան դէպի դպրոցական մանկութիւն: Աշակերտները իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին ուսուցիչներուն եւ երդուեցան ի կատար ածել անոնց պատգամը:
Ձեռնարկի երկրորդ մասին մէջ նախապատրաստական խումբի փոքրիկ սաները շնորհաւորեցին աւագ ընկերները, իրենց բացառիկ գեղեցիկ ելոյթներով` երգ ու պարով, փոքրիկ բեմադրութիւններով …
Ուսուցչուհի Ա. Պօղոսեան ջանք ու եռանդ չէր խնայած` աշակերտներուն մէջ սերմանելու սէր ու յարգանք մայրենի լեզուի, հայկական մշակոյթի արժէքներու նկատմամբ: Ձեռնարկն ալ աւելի ծաղկեցուցին մշակոյթի կեդրոնի պարի (գեղ. ղեկավար-Ա Խաչատրեան), տհոլահարներու խումբերու (գեղ. ղեկավար – Ա. Ազրեան), տուտուկի դասարանի սաներու (գեղ. ղեկավար – Ն. Մուսոյեան) կատարումները:
Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի տնօրէն Ռ. Դանիէլեան իր երախտիքի խօսքերով ոգեւորեց բոլոր մասնակիցները, որուն յաջորդեց ամենահանդիսաւոր պահը: Ան գրաճանաչ սաներուն վկայականներ յանձնեց այբուբենի աւարտման կապակցութեամբ, իսկ միւսներուն փոքրիկ յուշ-նուէրներ` էջանշաններ` զետեղուած այբուբենի տառերով, որոնք անսահման ուրախութիւն ու հաճոյք պատճառեցին մեր հայ մանուկներուն:
Ծնողներուն կողմէ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ծնողկոմիտէի անդամ Սուսաննա Մելքոնեան. «Մեր երեխաներն այսօր հիացուցին բոլորս: Անոնց սահուն խօսքը, ազատ եւ անկաշկանդ հանդէս գալը վկայեց, որ ուսուցչուհիին ջանքերը ի զուր չեն անցած:
Կը շնորհաւորենք մեր զաւակները եւ կը մաղթենք ուսումնական մեծ յաջողութիւններ: Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, իսկ դասաւանդող ուսուցիչներուն` անկոտրում կամք եւ անսասան ոգի: ծնողներուն կողմէ խորին շնորհակալութիւն Սամուէլ եւ Սերգօ Ստեփանեաններուն, որոնք իրենց ներդրումն ունեցան հայկական այս յարմարաւէտ կրթօճախի ստեղծման գործին մէջ, ուր մեր երեխաները այսօր մէկ առ մէկ արտաբերեցին Մեսրոպեան տառերը` սորվեցան գրել-կարդալ մեր մայրենի լեզուով, արտասանեցին ու երգեցին միմիայն հայերէնով»: