«Կը Նախընտրեմ Խօսիլ Ներկայի Ու Ապագայի Մասին». Սփիւռքի Նախարար
Մայիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին պատասխանատու Մարտիկ Տէմիրճեան, բեմադրիչներ Սուրէն Խտշեան եւ Յակոբ Տէր-Ղուկասեան, թատերախումբի ներկայացուցիչներ` Ժան Պեքերեճեան եւ Փաթիլ Քալաճեան:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար: «Ծանօթ եմ թատերախմբի պատմութեանը, ազգանուէր գործունէութեանը, որն ուղղուած է հայապահպանութեանը: Նոր կառավարութիւնը եւս կարեւորում է այն անգնահատելի ներդրումը, որ ունեցել էք նաեւ մշակութային աւանդոյթների պահպանման գործում: Նախընտրում եմ խօսել ներկայի եւ ապագայի մասին: Անշուշտ, շարունակելու եւ ընդլայնելու ենք համագործակցութիւնը: Մեր օրակարգում առաջնային հարց է հայրենադարձութիւնը: Օրէցօր աւելի ու աւելի կը զգաք մեր հոգատարութիւնը: Շարունակէք նոյն ոգով իրականացնել ձեր առաքելութիւնը»:
Թատերախումբի պատասխանատու Մարտիկ Տէմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցութեան համար եւ նշեց, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի առաքելութիւնը հայ լեզուն անաղարտ պահելն է, հայկական աւանդոյթները ամրապնդելը եւ հայ մշակոյթը տարածելը: Թատերախումբը եղած է աշխարհի տարբեր մայրցամաքներու մէջ եւ ելոյթներ ունեցած մեծ բեմահարթակներու վրայ եւ երբեք չէ եղած Մայր Հայրենիքի մէջ: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ թատերախումբը անդրանիկ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ: Մայիս 23-ին եւ 24-ին երկու ներկայացում ունեցած է Գիւմրիի Վարդան Աճեմեան թատրոնին մէջ եւ մայիս 25-ին եւ 26-ին երկու ներկայացում պիտի բեմադրուի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ: Սիրով կը սպասենք Ձեր այցելութեան:
Մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցինք Հայաստանի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, լաւատեսական մթնոլորտ է ամէնուր: Յուսանք, որ մեր երազած Հայրենիքը կ’ունենանք: Ատկէ աւելի մեծ նուէր չկայ մեզ համար»: