Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի Կանայք Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/ֆրանսահայ-կապույ-խաչ9-300x225.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի կանայք յարգանքի տուրք մատուցեցին Ֆրանսայի մէջ` Փարիզի տարածաշրջանի 4 համայնքներուն մէջ` Արնուվիլ, Վիլէյ Լը Բէլ, Գոնէս եւ Սարսէլ: Ինչպէս նաեւ վերոնշեալ քաղաքներուն մէջ կապոյտ խաչի կանանց կողմէ տնկուեցան ծառեր` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ կանանց:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղէն, Վիլէյ Լը Բէլ քաղաքին մէջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի քարտուղարուհի Սոնա Սուրեկէնը, իսկ Սարսէլ քաղաքին մէջ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Նունէ Աւետիսեանը: Իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ խաչքարերու առջեւ դրուեցան ծաղիկներ` քաղաքապետերու, քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներու, պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ միութիւններու կողմէ:
Արնուվիլ քաղաքին մէջ Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նաեւ եկեղեցական պատարագ մատուցուեցաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Վարագ եկեղեցւոյ մէջ` Տէր Մանուէլ Ռաշօ-Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, որուն ներկայ էին Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի 20 խաչուհիներ, բիւրոյի անդամներ, գանձապահ Սիլվա Սեմերջեանը, փոխատենապետուհի Նունէ Աւետիսեանը, քարտուղարուհիներ Անիթա Պօղոսեանը եւ Սոնա Սուրեկէնը, ինչպէս նաեւ Արնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլը, քաղաքապետարանի շարք մը ներկայացուցիչներ, պատգամաւոր Ֆրանսուա Փիփոնին, համայնքին մէջ գործող շարք մը միութիւններու անդամներ:
Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի դպրոցի հայոց լեզուի սաները ` իրենց ուսուցչուհիի ուղղորդութեամբ, քալեցին եկեղեցիէն մինչեւ խաչքար եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: