Ձեռնարկ Սան-Փեթերսպուրկի մէջ` Նուիրուած Մեսրոպագիր տառերու Իւրացման
Մայիս 20-ին Սան-Փեթերսպուրկի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լազարեաններու անուան Հայորդաց տան մէջ տեղի ունեցաւ «Քեզ ծնեց ազգս» խորագիրով ձեռնարկը: Ձեռնարկին հեղինակն էր աշակերտներուն կողմէ շատ սիրուած եւ փորձառու մանկավարժ Աննա Յովհաննիսեան: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ն․ Գաբրիէլեան, մասնակիցներն առաջին դասարանցիներն էին, որոնք հպարտութեամբ կը գիտակցէին, որ արդէն կը ճանչնան մայրենի լեզուի տառերը եւ առաջին լուրջ քայլը կատարած են այս գեղեցիկ եւ ինքնատիպ լեզուն իւրացնելու Ճանապարհին:
Ձեռնարկը համեմուած էր գեղեցիկ դրուագներով` խորհրդանշելով հայերէնի իմացութեան կարեւորութիւնը: Աւարտին աշակերտներուն շնորհուեցան վկայագիրներ` առաջին դասարանը աւարտելու եւ տառաճանաչ դառնալու կապակցութեամբ: