Վարշաւայի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է Լեհաստանի Հայերու Երրորդ Համաժողովը

Մայիս 19-ին Վարշաւայի գիւղատնտեսութեան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի հայերու երրորդ համաժողովը: Համաժողովը կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, ԼՀ կառավարութեան եւ Ազգային ու էթնիկ փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովին մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Միեր-Ենդժեյովիչի կողմէ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, համաժողովի աշխատանքները մեկնարկեցին Լեհաստանի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով, որմէ յետոյ հրապարակուեցան ԼՀ Սենատի նախագահ (մարշալեկ) Ստանիսլաւ Կարչեւսկի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ուղերձները: ԼՀ Սէյմի նախագահ Մարեկ Կուխչինսկիի անունէն ելոյթով հանդէս  եկած է ԼՀ Սէյմի պատգամաւոր, Լեհաստանի խորհրդարանի Լեհաստան-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Թադէուժ Վոժնիակը:

Համաժողովի բացման արարողութեան ողջոյնի ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան եւ ԼՀ կառավարութեան եւ Ազգային ու էթնիկ փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովին մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Միեր-Ենդժեյովիչ: Դեսպան Ղազարեան, մասնաւորապէս, անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն Լեհաստանի հայ համայնքի մասնակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան հիմնախնդրի լուսաբանման եւ տարածման խնդիրներուն: Ձեռնարկին ծիրէն ներս կայացան շարք մը թեմատիկ քննարկումներ:

Համաժողովի ընթացքին Լեհաստանի հայ համայնքի  շարք մը գործիչներ պարգեւատրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մետալներով եւ պատուոգիրներով:

Լեհաստանի հայերու երրորդ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Չեխիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական հեղինակաւոր «Օրեր» ամսագիրի Լեհաստանի հայ համայնքին նուիրուած յատուկ թողարկման շնորհանդէսը:

 

Scroll Up