Հալէպի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան Լաթաքիոյ Նահանգ Այցելեց
Աշխատանքային այցով Լաթաքիա գտնուող Հալէպի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան ս.թ. մայիս 13-ին հանդիպած է նահանգի գիւղատնտեսական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Մունզիր Խէյրբեկի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լաթաքիոյ նահանգին հետ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղիներն ու առկայ գիւղատնտեսական ներուժի փոխշահաւէտ օգտագործման հնարաւորութիւնները:
Հանդիպման պարոն Խէյրբեկը ներկայացուցած է նահանգի գիւղատնտեսական ներուժը, նշելով, որ շարք մը բարեկամ երկիրներ արդիւնաւէտ եւ հեռանկարային փոխգործակցութիւն կը ծաւալեն Լաթաքիայէն գիւղմթերքներ արտահանելու բնագաւառին մէջ: Մասնաւորապէս առաջարկուած է աշխատանքներ սկսիլ միրգերու եւ պտուղ-բանջարեղէնի Հայաստան արտահանման ուղղութեամբ, շեշտելով, որ բաւական ցած եւ մրցունակ գիները, բնապահպանօրէն մաքուր ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ ծովային ճանապարհով տեղափոխման առաւելութիւնները կրնան սուրիական գիւղմթերքները գրաւիչ դարձնել հայաստանեան շուկային համար:
Անդրադարձ կատարուած է քիմիական պարարտանիւթերու ոլորտին մէջ հնարաւոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման: Ըստ պարոն Մունզիրի, Լաթաքիոյ նահանգը մեծ կարիք ունի գիւղատնտեսական թունաքիմիկատներու (pesticides), որ կրնայ արարտ հող նախապատրաստել այս ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ յետագայ քայլերու եւ ընելիքներու համադրման համար:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարուած է նաեւ ձիթապտուղի համատեղ արտադրութեան, սուրիական արտադրութեան ձիթապտուղի ձէթերու Հայաստան արտահանման, ինչպէս նաեւ ձէթ-օճառի համատեղ արտադրութեան բնագաւառներուն մէջ կապերու հաստատումն ու ընդլայնումը:
Հանդիպման աւարտին քննարկուած են գիւղատնտեսական ապրանքներու համատեղ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու հեռանկարները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխատանքները սկսելու Հայաստանի մէջ սուրիական գիւղմթերքներու ցուցահանդէս կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Նոյն օրը Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Լաթաքիոյ զբօսաշրջութեան հարցերու գրասենեակի տնօրէն Ռամեզ Պերապհանի հետ: Զրուցակիցներն անդրադարձած են այս ոլորտին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Երկուստեք շեշտուած է Լաթաքիոյ մէջ Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններն ու ներուժը գովազդող ցուցահանդէսին եւ այս ծիրէն ներս ` հայ-սուրիական զբօսաշրջային ներդրումներու խորհրդաժողովի իրականացման յոյժ կարեւորութիւնը` որպէս բացառիկ հնարաւորութիւն երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջութեան եւ զբօսաշրջային ներդրումներու ոլորտներուն մէջ նոր տեղաշարժեր արձանագրելու համար:
Աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը հանդիպած է նաեւ լաթաքիահայ եւ քեսապահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Իրականացուած են հիւպատոսական ընդունելութիւններ, որոնց ընթացքին յանձնուած են ՀՀ քաղաքացիի 113 անձնագիրներ, ընդունուած` ՀՀ քաղաքացիութեան 75 դիմումնագիրներ: