Նիւթական Օժանդակութիւն Հալէպի Հայ Համայնքի Ընտանիքներուն
Նկատի ունենալով երկրիս ճգնաժամային վիճակն ու յատկապէս՝ պատերազմին պատճառած նիւթական վնասներն ու անկումները, ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նիւթական տագնապ:
Այս պայմանները նկատի առած, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ընկերային ծառայութիւնը ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու նպատակաւ, Երեքշաբթի 1 Մարտ 2016-ին, բաշխեց նիւթական օժանդակութիւն Հայ Համայնքի ընտանիքներուն անխտիր:
Այս մասին կը յայտնէ Bethel Church ֆէյսբուքէան էջը: