Փարիզի «Հայդաս» Հայկական Վարժարանի Առաքելութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/հայդաս9.jpg)
Փարիզաբնակ Արտօ Կիլիմլին ծնած է 1945 թուականին` Պոլիս: Յաճախած է հայկական վարժարաններ, իսկ ուսումն աւարտելէ յետոյ, հօրը հետ սկսած է զբաղիլ հայկական հին գորգերու, անտիկ իրերու առեւտուրով: 1969 թուականին, ինչ-ինչ պատճառներով ձգելով իր խանութները, կը տեղափոխուի Ֆրանսա եւ քանի մը տարի յետոյ Փարիզի մէջ կը բանայ իր առաջին ընկերութիւնը: Տարիներ անց ան կը հիմնէ այլ ընկերութիւններ եւս եւ կը սկսի տարբեր գործեր կատարել:
Զգալով օտար երկրի մէջ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը` Արտօ Կիլիմլին ընկերներուն հետ կը հիմնէ «Նարեկ» մէկօրեայ վարժարանը, որ կը գործէ մինչեւ 2004 թուականը, երբ նիւթական դժուարութիւններէն ելլելով դպրոցը կը փակուի: «Նարեկ»-ի փակումը շատ ցաւալի եւ տխուր էր յատկապէս վարժարան յաճախող երեխաներուն համար: Այդ է պատճառը, որ Արտօ Կիլիմլին Ալիտա Կիլիմլիի, Ալէն Կիլիմլիի եւ Վարդգէս Մելդոնեանի հետ 2005 թուականին կը հիմնէ մէկ այլ մէկօրեայ հայկական վարժարան` «Հայդաս» անունով, որպէսզի հայ երեխաները չզրկուին հայկական կրթութենէն եւ կրթօճախէն:
Այժմ վարժարան կը յաճախէ շուրջ 20 աշակերտ, որոնք կ՛ուսանին հայերէն, հայ երգ, ճատրակ, հայոց պատմութիւն, նկարչութիւն եւ հայկական պար:
«Դպրոցի ուսուցիչներու ընտրութիւնը շատ բծախնդրօրէն կը կատարուի: Մասնագիտական հմտութիւններուն զուգահեռ` ան պարտադիր պէտք է իմանայ ֆրանսերէն, որպէսզի հաղորդակցուի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեխաներու հետ: Դպրոցը կը գործէ չորեքշաբթի (այդ օրը փակ են ֆրանսական բոլոր դպրոցները) եւ շաբաթ օրերուն, որուն ընթացքին վարժարանի աշակերտները կը մասնակցին ոչ միայն դասընթացներուն, այլեւ այն բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք կը կազմակերպէ դպրոցը»,-«Հայերն այսօր-ի հետ զրոյցին կը նշէ Արտօ Կիլիմլին:
Մէկօրեայ վարժարանն անվճար է հայ երեխաներուն համար: Կրթօճախին նպատակն է հնարաւորութիւն տալ հայ երեխային սորվելու հայերէն եւ մօտ պահելու հայկական արմատներուն: Ուսուցման մէջ կը մտնէ նաեւ նախընթրիքը: Այս բոլոր ծախսերը կը հոգան վարժարանի հիմնադիրները:
«Ֆրանսա բնակող հայ երեխաներու հիմնական մասը կը յաճախէ ֆրանսական դպրոց, բացառութեամբ անոնց, որոնք կը յաճախեն հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ: Վերջիններս, սակայն, հեռու են հայկական արուարձաններէն:
Մենք ամէն ջանք կը գործադրենք, որպէսզի մեր երեխաները հաճոյքով դպրոց յաճախեն, իրենց լաւ զգան: Չէ՞ որ միայն հայկական վարժարաններու մէջ անոնք կրնան իրենց հայ զգալ: Այդ պատճառով անոնց հետ կը վարուինք շատ մեղմ, կը սորվեցնենք ընկերութիւն ընել իրենց հասակակից հայ երեխաներու հետ` միեւնոյն ժամանակ ներգրաւելով հայկական նիւթերու ուսուցման մէջ»,-կը նշէ վարժարանի հիմնադիրը:
Ամէն տարի «Հայդաս» մէկօրեայ վարժարանը կը կազմակերպէ ճատրակի մրցոյթ, որուն կը մասնակցին Ֆրանսայի 7-18 տարեկան հայ մանուկներն ու երիտասարդները, որոնք կը պարգեւատրուին մրցանակներով: Տարուան ընթացքին «Հայդաս» միութիւնը կը կազմակերպէ զանազան համերգներ, կը մասնակցի Փարիզի մէջ կազմակերպուող տարբեր ծրագիրներու: Այս աշխատանքները կը ղեկավարէ Հեղինէ Տէր Օհաննէսեան: