Վախճանած է Քալիֆորնիոյ Նախկին Նահանգապետ Ճորճ Թոքմէջեանը

ԱՄՆ-ի մէջ 89 տարեկան հասակին մահացած է Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Թոքմէճեանը: Անոր ընտանիքը կը յայտնէ, որ Թոքմէճեանը երեքշաբթի օրը մահացած է Լոնկ Պիչ գտնուող իր տան մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն» ռադտիօկայանը: Հանրապետական Ճորճ Թոքմէճեանը երկու անգամ ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգապետ` այդ պաշտօնին ծառայելով 1983-էն մինչեւ 1991 թուական:
Իրաւաբան Թոքմէճեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններ գրաւած է. չորս տարի եղած է Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազ, 16 տարի` նահանգի սենատի անդամ: Հանրապետական կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղը յայտարարած է, թէ վերջին հարիւրամեակին ընթացքին Ճորճ Թոքմէճեան Քալիֆորնիոյ ամենամեծ նահանգապետներէն մէկն էր: Ինչպէս կը գրէ «Լոս Անճելըս Թայմսը», հայ ներգաղթեալներու ընտանիքի զաւակ Թոքմէճեանը դարձած էր ամերիկահայ ամենայայտնի քաղաքական գործիչը Միացեալ Նահանգներու մէջ` նշելով, որ անոր ծնողները Թուրքիայէն փախած էին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով: