«Պուլկարահայ Երիտասարդները Շատ Սիրեցին Հայաստանը». Շողեր Սիմոնեան
Պուլկարիոյ Վառնա եւ Պուրգաս քաղաքներու խումբ մը հայ երիտասարդներ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս ապրիլի վերջը այցելած էին Հայաստան: Անոնց կ’ուղեկէին «Գայեանէ Մարաշեան» պարախումբի ղեկավարներ Մերի Սեֆերեան, իւան Խրիստովը եւ Հայ օգնութեան միութեան Վառնայի մասնաճիւղի ատենապետուհի, թեմական խորհուրդի անդամ եւ թեմական խորհուրդի պատագմաւոր Շողեր Սիմոնեանը, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
-Տիկի՛ն Շողեր, ինչպէ՞ս որոշեցիք Պուլկարահայ երիտասարդներու համար դէպի Հայաստան հայրենաճանաչութեան շրջագայութիւն կազմակերպել:
-Համացանցի միջոցով տեղեկատուութիւններ կարդալով «Արի տուն» ծրագիրին մասին` որոշեցի անոնց Հայաստան բերել, որպէսզի մօտէն ծանօթանան հայկական մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն:
Ապա Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան աշխատակիցներուն իրազեկեցի որոշմանս մասին, եւ անոնք սիրայօժար ընդառաջեցին խնդրանքիս` կազմակերպելով երեխաներու այցելութիւնը, որուն համար այնչափ շնորհակալ ենք:
Շնորհակալ ենք նաեւ բարերար Անդրանիկ Շաքարեանին, Վառնայի եկեղեցական վարչութեան ատենապետ Մասիս Պաղտատեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս հրաշալի ճամփորդութիւնը կազմակերպելու համար:
–Ին՞չ կազմով եկած էին երիտասարդները:
-Հիմնականին մէջ Վառնայի «Գայեանէ Մարաշեան» պարախումբի անդամներն ընդգրկուած էին խումբին մէջ, երիտասարդներ եկած էին նաեւ Պուրգասէն: Անոնք այն երիտասարդներն են, որոնք ժամանակին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ եղած են եւ յաճախած հայոց լեզուի դասընթացներու: Ըսեմ, որ առաջին անգամ Հայաստան եկող հայ եւ պուլկարացի երիտասարդներ նոյնպէս կան մեր խումբին մէջ:
Առհասարակ, ուժ ու եռանդ չենք խնայեր, որպէսզի պուլկարահայ երիտասարդները հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստանան, օտար ափերու վրայ հաւատարիմ մնան իրենց կրօնին, մայրենիին եւ ուծացման չենթարկուին: Քաջ կը գիտակցինք` անոնք են վաղուայ մեր յոյսը, որոնց կրնանք անվերապահօրէն ապաւինիլ:
–Անոնք «Արի տուն» ծրագիրէն ի՞նչ տպաւորութիւններով հեռացան:
-Անկեղծ ըսեմ, երեխաներուն տպաւորութիւնները բառերով չեմ կրնար նկարագրել: Անոնց հիացմունքն ու յուզմունքը այնքա՜ն մեծ էր Հայաստանի մասին, որ տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր այցելելուն` մեծ դժուարութեամբ կը հեռանային, քանի որ կը ցանկային իրենց Հայրենիքի մասին ամէն ինչ իմանալ: Անոնք արցունքոտ աչքերով վերադարձան, իսկ ազգութեամբ պուլկարացի պարախումբի ղեկավար Իւանը շատ սիրած էր մեր երկիրը եւ անընդհատ կը կրկնէր, որ Հայաստանը թանգարան է բաց երկնքի տակ:
Համոզուած եմ, որ երիտասարդներն այս այցելութենէն յետոյ աւելի հայկականութեամբ կը վերադառնան Պուլկարիա` հետեւելով ազգային արժէքներուն եւ ինքնութեան պահպանման:
-Տիկի՛ն Շողիկ, ո՞րն է Ձեր եզրափակիչ խօսքը:
-Կը կարծեմ` «Արի տուն» ծրագիրը սփիւռքահայ երիտասարդներու համար հայրենասիրութեան մեծ դպրոց մըն է, քանի որ այն կը նպաստէ անոնց լիարժէք հայ մնալուն:
Թո՛ղ աշխարհասփիւռ հայերը համախմբուին Հայաստանի շուրջ եւ զարգացնեն մեր երկիրը: Ամենակարեւոր մաղթանքս այն է, որ Հայաստանի մէձ կայունութիւն ըլլայ, հայոց սահմաններն անվտանգ ու անսասան ըլլան, իսկ մեր խիզախ զինուորներն անփորձանք ծառայեն եւ վերադառնան իրենց ընտանիքներ:
Գէորգ Չիչեան