Հազուագիւտ Լուսանկարներ. Ինչպէս Հայերն Ապրած Են Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը

Sputnik. մինչեւ 1915 թ. Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ հայերու կենցաղն ու մշակոյթը պատկերած հազուագիւտ լուսանկարներ  հրապարակուած են IWitness ամերիկեան կրթական հարթակին վրայ: Այս մասին կը գրէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի կայքը:

Լուսանկարները հրապարակուած են Project SAVE Armenian Photograph Archives («Փրկէք հայկական լուսանկարներու արխիւը») նախագիծին շնորհիւ: Ատոր նպատակը ինչպէս արխիւային, այնպէս ալ հայերու ժամանակակից լուսանկարները հաւաքել, փաստագրել, պահպանել եւ հանրութեան ներկայացնելն է: 70 լուսանկարի առաջին հրապարակումը կը լրացնէ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու վկայութիւնները: Այդ լուսանկարները կը պատմեն նախքան Ցեղասպանութիւնը հայերու տնտեսական բարգաւաճման, հալածանքներու եւ բռնութեան ժամանակ անոնց տոկունութեան մասին:

Project SAVE”s հիմնած է Ռութ Թովմասեան 1975 թուականին: Այդ ընդարձակ եւ բազմազան հաւաքածուն աւելի քան 45 հազար լուսանկար կը պարունակէ: Լուսանկարները կը պատկերեն հայրենիքի եւ օտարութեան մէջ ապրող հայերու կեանքի բոլոր կողմերը եւ կ’ընդգրկեն 1860 թ.  մինչեւ մեր օրերն ինկած ժամանակահատուածը:

Նախագիծի համակարգողները նպատակ ունին աշխարհին ներկայացնել հայերու բազմադարեայ մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը քաջալերեն իրենց լսարանին հաւաքածուի լուսանկարներն օգտագործել ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար:

Scroll Up