Վիեննան Հիւրընկալած Է Եւրոհայկական 23-րդ Խաղերը

Եւրոհայկական 23-րդ մարզական խաղերը   /EAG/ այս տարի տեղի պիտի ունենան Վիեննայի մէջ` մարտ 30-էն մինչեւ ապրիլ 2: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին Վիեննայի «Արարատ հայկական միութենէն կը յայտնէ Սեդա Տէր-Մինասեան, շուրջ 750 մարզիկ աշխարհի 15 երկրէ (Հոլանտա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Պելճիգա, Չեխիա, Ռուսաստան, Նորվեկիա, Վրաստան, Անգլիա, Իտալիա, Զուիցերիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Թուրքիա, Հայաստան, Աւստրիա) երէկ երեկոյեան մասնակցած են վիճակահանութեան: Խաղերուն մասնակցելու համար Վիեննա ժամանած են մարզիկներ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ մարտ 31-ի առաւօտեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս  պիտի գայ նաեւ աշխատանքային այցով Վիեննա գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Մարզիկները պիտի մրցին պասկեթպոլ, վոլէյպոլ, մինի ֆութպոլ, պատմինտոն, սեղանի թենիս, նարդի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն մէջ:

Այս տարուայ Սուրբ Զատիկի տօնը Եւրոպայի հայերը միասնական պիտի նշեն  Սբ. Հռիփսիմէ եւ Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցիներուն մէջ:

Աւելցնենք, որ Համաեւրոպական խաղերն ամէնամեայ են եւ տեղի կ’ունենան եւրոպական որեւէ երկրի մէջ` Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան եւ ատոր նախորդող օրերուն: Համաեւրոպական հայկական խաղերու կազմակերպումը կը նպաստէ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու համախմբման ու ազգային ինքնութեան պահպանման:

Scroll Up