ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Թադէ Քարամեանը

Մարտ 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Նաիրի» եւ ՀՄԸՄ «Արարատ» միութիւններու փոխատենապետ Թադէ Քարամեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատկապէս կարեւորեց անոր հայապահպան գործունէութիւնն Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ: «Դեռ երիտասարդ հասակից ակտիւօրէն մասնակցելով հայկական համայնքի կեանքին` Դուք մշտապէս կապուած էք մնացել Հայրենիքին: Գովելի է, որ Ձեր ջանքերի շնորհիւ 2014 թուականին Սիտնէյի «Նաիրի» պարախումբը 62 անդամներով այցելեց Հայաստան եւ համերգով հանդէս եկաւ, իսկ ահա 2015-ին 75 արարատական մարզիկներ Ձեր գլխաւորութեամբ ժամանեցին Երեւան` մասնակցելու համահայկական մարզական խաղերին»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նաեւ Թադէ Քարամեանի ներդրումը Սիտնիի մէջ Հայոց առաջնորդարանի կառուցման աշխատանքներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Թադէ Քարամեան նշեց, որ հայ համայնքին մէջ կարեւորագոյն առաքելութիւնը կը մնայ հայապահպանութիւնը: «Իմ կեանքն ամբողջովին փոխուեցաւ, երբ ես 17 տարի առաջ առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան: Ես հասկցայ, որ թէկուզ Հայրենիքէն հեռու` մենք մեր համայնքներուն մէջ պէտք է ստեղծենք մեր Հայաստանը: Միանգամայն համամիտ եմ Ձեր կոչին, տիկի՛ն նախարար, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է տեսնէ Հայաստանը»,-նշեց Թադէ Քարամեան: Խօսելով Հայաստան-Սփիւռք կապերու մասին` հիւրն ընդգծեց, որ համայնքէն ներս բոլորը տեղեկացուած են հայաստանեան անցուդարձին, յաճախ կ’այցելեն Հայաստան, կան նոյնիսկ հայրենադարձուելու ցանկութիւն ունեցող ընտանիքներ:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ գործիչին անմնացորդ նուիրման, Աւստրալիոյ մէջ հայկականութեան մթնոլորտը պահելու համար:

Scroll Up