ՀՀ Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած Է «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի 2018թ. Ծրագիրին
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, ՀՀ կառավարութիւնը մարտ 6-ի հերթական նիստին հաւանութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակներուն նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի 2018թ. ծրագիրին եւ ձեռնարկներու ցանկին, սահմանած, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը փառատօնի ծրագիրի իրականացման համակարգող մարմինն է:
Կ’ակնկալուի, որ որոշման ընդունումը կը նպաստէ մշակոյթի ոլորտին մէջ համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման, Սփիւռքի ուծացման եւ լեզուամշակութային ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարին: