Արոնեան Աշխարհի Լաւագոյն Շախմատիստներէն է․ Deutsche Welle
Աշխարհի 8 լաւագոյն շախմատիստ կը մասնակցի Պեռլինի մէջ ընթացող շախմատի յաւակնորդներու մրցաշարին, որուն յաղթողը շախմատի աշխարհի գործող ախոյեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ: Յաղթողը միայն մէկը պիտի ըլլայ եւ ան ալ պիտի մրցի Մակնուս Քարլսենի հետ:
Deutsche Welle-ն պատմած է աշխարհի լաւագոյն շախմատիստներու, որոնց մէջ նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Լեւոն Արոնեանի մասին:
«Հայ կրանտմայսթերը բազում հեղինակաւոր միջազգային մրցաշարերու յաղթող է: 2017-ին ան առաջին տեղը գրաւեց գերմանական Պատեն-պատենի մէջ կայացած Grenke Chess Classic գերմրցաշարին` յաղթելով Մակնուս Քարլսենին: 2017-ին ան նաեւ յաղթեց Քալսենին Սթաւանկերի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարին»,-«Փանարմինիըն»-ի փոխամցմամբ՝ կը գրէ պարբերականը:
Արոնեանէն բացի, լաւագոյն շախմատիստներուն մէջ են Մակնուս Կարլսենը, Ֆապիանօ Քարուանան, Ալեքսանդր Կրիշչուքը, Սերգէյ Քարեաքինը, Վլատիմիր Կրամնիկը, Տին Լիժենը, Ուեսլի Սոն, Շահրիյար Մամետեարովը:
2018-ի Նոյեմբեր 9-28 Լոնտոնի մէջ գործող ախոյեանն ու յաւակնորդներու մրցաշարի յաղթողը 12 խաղ պիտի խաղան ախոյեանի տիտղոսին համար: