Դամասկոսի Եւ Երեւանի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենան Սուրիոյ Եւ Հայաստանի Արդիւնաբերական Եւ Զբօսաշրջային Շաբաթներ

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախօրէին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան (ՍԱՀ) տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Մուհամմատ Սամըր Խալիլը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպման կողմերը քննարկած են գործնական շարք մը քայլեր երկու պետութիւններու միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ տնտեսական փոխգործակցութիւնն աշխուժացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ միտքեր  փոխանակած են Սուրիոյ վերականգնման ծրագիրներուն մէջ Հայաստանի հնարաւոր մասնակցութեան վերաբերեալ:

Պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է երկու նախարարութիւններուն մէջ ստեղծել մասնագիտացուած խումբեր, որոնք կ’աշխատին ծրագիրներու նախագծման վրայ: Արդիւնաւէտ առեւտրատնտեսական գործակցութիւնը նպաստելու համար կողմերը համաձայնած են փոխանակել ապրանքներու եւ արտադրանքի ցուցակները, որոնք առաւել մեծ պահանջարկ ունին երկու երկիրներու սպառողական շուկաներուն մէջ: Կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են Դամասկոսի եւ Երեւանի մէջ իրականացնել Սուրիոյ եւ Հայաստանի արդիւնաբերական եւ զբօսաշրջային շաբաթներ:

ՀՀ պատուիրակութիւնը հանդիպած է նաեւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան նախարար Պուշր Եազըճիի հետ: Հանդիպման քննարկուած են զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնն աշխուժացնելու հնարաւորութիւնները:

Նախարար Եազըճին նշած է, որ չնայած ահաբեկչական պատերազմի հետեւանքով զբօսաշրջութեան անկման` Սուրիան աշխոյժ աշխատանքներ կ’իրականացնէ ոլորտի վերականգնման ուղղութեամբ եւ կ’ակնկալէ բարեկամ երկիրներու, յատկապէս Հայաստանի հետ զբօսաշրջութեան աշխուժացում: Կողմերը համակարծիք էին, որ զբօսաշրջութեան ոլորտը զարգացնէու համար առկայ են բարենպաստ նախապայմաններ, մասնաւորապէս` ընթացիկ տարուայ յունիս 28-ն գոծող Դամասկոս-Երեւան չուերթը:

Ընդլայնուած կազմով ՀՀ եւ ՍԱՀ պատուիրակութիւններու նիստին Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան ներկայացուցած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը, ինչպէս նաեւ ուրուագծած այդ բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները:

Նիստի ընթացքին ՀՀ պատուիրակութեան ցուցադրուած են Սուրիոյ զբօսաշրջութեան շրջաններուն մասին կարճ տեսահոլովակներ:

 

Scroll Up