Բակօ Սահակեան Մասնակցած է ֆրանսական Ալֆորվիլի ու Բերձորի Միջեւ Բարեկամութեան Հռչակագրի Ստորագրման Արարողութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20-ին ժամանած է Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաք եւ մասնակցած Ալֆորվիլի ու Բերձորի միջեւ տեսակապի միջոցով բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրումը որակած է որպէս Արցախի համար նշանակալի իրադարձութիւն քաղաքական, իրաւական ու բարոյական տեսանկիւններէ, որ, առաջին հերթին, բարեկամ երկրի` Ֆրանսայի հետ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւոր հիմքերէն է:

«Ֆրանսայի եւ անոր վարչական շրջաններու հետ փոխգործակցութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, եւ քոյր քաղաքներու ցանկին ու աշխարհագրութեան ընդլայնումը, անոնց հետ կապերու խորացումը այս քաղաքականութեան առանցքային բաղադրամասերէն է»,- իր ելոյթին մէջ ընդգծած է նախագահը:

Անոր խօսքով` Ալֆորվիլ քաղաքի հետ փոխգործակցութեան ընթացքին արդէն իսկ արձանագրուած են յիշատակման արժանի դրուագներ, եւ այս պարունակին մէջ Բակօ Սահակեան նշած է 2016-ի Սեպտեմբերին քաղաքապետ Լիւք Քարուունասի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Արցախ եւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ալֆորվիլի մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ ցոյցը` ի սատարումն Արցախի ու ընդդէմ ատրպէյճանական բռնութիւններուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշած, որ այս ամէնը ողջ աշխարհին ցոյց տուաւ բռնութեան անընդունելի ըլլալը քաղաքակիրթ հանրութեան համար:

«Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախի հետ են, որոնք կը պայքարին յանուն ազատութեան եւ հաւասարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան: Ատիկա խիզախ եւ ընդօրինակման արժանի պահուածք է»,- շեշտած է նախագահ Սահակեան:

Ան ընդգծած է, որ Ալֆորվիլի եւ Բերձորի համագործակցութիւնը ունի խոստումնալից հեռանկարներ աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման պարագային` վստահութիւն յայտնելով, որ համատեղ ուժերով պիտի յաջողինք կեանքի կոչել բազմաթիւ ծրագիրներ:

Ֆրանսայի Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչ իր հերթին կարեւոր համարած է բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրումը:

«Ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Արցախի բնակչութեան հետեւողական քայլերը, գիտակցելով ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը` կը կնքենք բարեկամութեան հռչակագիրը»,- նշած է ան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Արտիոմ Սարիբէկեան` յոյս յայտնելով, որ տեսակապի միջոցով ձեւաւորուող յարաբերութիւնները ընդամէնը նորագոյն արհեստագիտութիւններու հնարաւորութեան մասին կը խօսին: Անոր խօսքով` ապագային ձեւաւորուելիք աշխատանքային օրակարգին վրայ մեծ տեղ պիտի տրուի կենդանի շփումներուն եւ որպէս առաջին քայլ ֆրանսացի իր գործընկերը հրաւիրած է այցելելու Բերձոր:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:

Նշենք, որ Բերձորը բարեկամութեան համաձայնագիր կնքած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Հայլանտ քաղաքին հետ։

Scroll Up