Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Փլովտիւի ՄԷջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոսը

Մարտ 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պուլկարիոյ  Փլովտիւ քաղաքին մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը հետաքրքրուեցաւ համայնքային նորութիւններով, կարեւոր համարեց երիտասարդներու ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման հարցերը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կարեւոր է, որ երիտասարդները գոնէ մէկ անգամ լինեն Հայաստանում, ծանօթանան հայկական մշակոյթին ու աւանդոյթներին, ծանօթանան ու ընկերանան իրենց հասակակիցների հետ: Աւելի ակտիւ մասնակցէք մեր նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառային դպրոց ծրագրերին»:

Քննարկուեցան հայ-պուլկարական կապերու աշխուժացման ուղղուած ծրագիրները, նախանշուեցան համագործակցութեան շրջանակները, յետագայ ընելիքները:

Scroll Up