«Առաջնահերթ են սուրիահայ աշակերտներու անվտանգութեան եւ հայկական դպրոցներու պահպանութեան հարցերը». Հրանոյշ Յակոբեան

Սեպտեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ, զոր կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը խօսեցաւ հրատապ խնդիրներու մասին՝ ցաւով նշելով, որ սուրիական հակամարտութիւնը երթալով կը թէժանայ: Ան ընդգծեց, որ առաջնահերթ են սուրիահայ աշակերտներու անվտանգութեան եւ հայկական դպրոցներու պահպանութեան հարցերը: Գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւորեց հայութեան բոլոր հատուածներու համակողմանի աջակցութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ Սուրիոյյի որբանոցի եւ ծերանոցի պահպանութեան համար անհրաժեշտ ծախսերուն, զորս կը հոգան բարերարները:  ան նշեց, որ 2015-2016թթ. ուսումնական տարուան ընթացքին պիտի  շարունակուի ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան համաֆինանսաւորմամբ սուրիահայ ուսանողներու վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագիրը: Աշխատանքներ կը տարուին բնակարաններու վարձի փոխհատուցումները առաւել արդիւնաւէտ եւ ընդգրկուն  կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Գերատեսչութեան ղեկավարը աւելցուց, որ յառաջիկային պիտի կազմակերպուին սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառներ, ուր վաճառուող ապրանքներէն հաւաքուած գումարները լրացուցիչ ֆինանսական աջակցութիւն կ’ըլլան Հայաստանի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն համար:

ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնակատար Յովիկ Յորտեկեան ներկայացուց միութեան իրականացուցած աշխատանքները. սուրիահայ ուսանողներու վարձավճարներու, բնակարանի վարձերու, բժշկական ծառայութիւններու, զանազան մանր ֆինանսական ծառայութիւններու փոխհատուցում, ձեռնարկներու կազմակերպում, գիւղատնտեսական սարքերու տրամադրման աջակցութիւն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը առաջարկեց աջակցիլ սիրիահայ գերալանց ուսանողներու աշխատանքի տեղաւորորման:

«Save the children» կազմակերպութեան պատասխանատու Սիրանոյշ Վարդանեանը խօսեցաւ  2014թ.-էն կազմակերպութեան կողմէն իրականացուած՝ սուրիահայերու կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած աշխատանքներու մասին: Կազմակերպուած են արագ ընդելուզման, աշխատանքի տեղաւորման, գործարարական ծրագիրներու մշակմանը վերաբերող սեմինարներ: Կազմակերպութեան ֆինանսաւորմամբ վերանորոգուած են մայրաքաղաքի մի քանի նախակրթարանները, ուր կը յաճախեն սուրիահայ մանուկներ:

ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախագահի՝ ծրագիրներու գծով խորհրդական Զինաւոր Մեղրեանը անդրադարձաւ 2014թ. Յունուարէն փաստաբաններու պալատի կողմէն սուրիահայերուն մատուցուած իրաւաբանական աջակցութեան, որ ընթացած է 2 փուլով՝ խորհրդատւութիւն եւ ամփոփում: Զ.Մեղրեան նշեց, որ պատրաստուած է հարցաթերթիկ, որ կ’օգնէ պարզել, թէ որքանով է արդիւնաւէտ իրականացուած խորհրդատւութիւնը:

Նիստի աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը բոլոր գերատեսչութիւններու եւ պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ առաւել հոգատարութեամբ եւ առաջանահերթ անդրադառնալ իւրաքանչիւր սուրիահայու խնդրին:

 Կայացավ Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող  միջգերատեսչական հանձնաժողովի նիստը2

Scroll Up