Տուպայի Մէջ Կը Ցուցադրուին Հայկական Ժամանակակից Արուեստի Լաւագոյն Ստեղծագործութիւնները

Ինչպէս կը հաղորդէ gulfnews.com կայքը, միջազգային ճանաչում ունեցող 21 հայ արուեստագէտներու 100-է աւելի աշխատանք կը ցուցադրուի Տուպայի նորարարական կեդրոններէն մէկուն մէջ (Dubai Design District) գտնուող Art Hub Dubai պատկերասրահին մէջ կազմակերպուելիք ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի ըլլայ մինչեւ մարտ 26:
Ցուցահանդէսը կը կրէ «Ես չեմ վախնար թռչելէն» խորագիրը:
Հայաստանի «Կալա» պատկերասրահի հիմնադիր տնօրէն Նուշիկ Միքայէլեան ընդգծած է, որ առաջինը, որ բոլորը կ’ըսեն հայկական արուեստի մասին, տեխնիկայի բարձր որակն է, որ անհամեմատելի է: «Սակայն միայն որակը չէ: Ատոր մէջ արտայայտուած է նաեւ հայկական մշակոյթի խորութիւնը: Հայկական մշակոյթը խոր արմատներ ունի, քանի որ հայ ժողովուրդն աշխարհի ամենահին ազգերէն մէկն է: Իսկ ժամանակակից արուեստը կը համարուի այդ հին մշակոյթի նորովի շարունակութիւնը»,- ըսած է Միքայէլեան:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք կը ցանկան, որպէսզի մարդիկ Հայաստանին ծանօթանան արուեստի միջոցով: