ՀՄԸՄ Հիմնադրման 100-ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստ

Մարտ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումները կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ , որ վարչապետի որոշմամբ` ՀՄԸՄ 100 ամեակին նուիրուած միջոցառումները պատշաճ կազմակերպելու նպատակով ստեղծուել է միջգերատեսչական յանձնաժողով: Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերի 100 եւ Երեւանի 2800 ամեակին զուգահեռ նշելու ենք Սփիւռքի խոշորագոյն երիտասարդական կազմակերպութեան 100 ամեակը:ՀՄԸՄ պատմութիւնը հայոց պատմութեան մի մասն է: Եւ պէտք է իւրաքանչիւրս մեր մասով հնարաւոր ամէն ինչ անենք յոբելեանական միջոցառումները լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար»:

Իր ելոյթին մէջ ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահին, վարչապետին, երկու կաթողիկոսներուն յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման աջակցելու եւ հովանաւորելու համար: «Մեր կազմակերպութիւնը ծնած է ուղիղ 100 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ, բայց համարեայ անմիջապէս ետք, նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով տեղափոխուած է Հայաստան: Թէեւ այսօր Սփիւռքի մէջ ենք, բայց կ’ապրինք Հայաստանով: Մեր կազմակերպութիւնը Հայաստանի ու Սփիւռքի միաւորման միասնականութեան խորհրդանիշն է: Շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան, որ մեր գործընկերն է, եւ մեր կողքին է մեր փոքր ու մեծ բոլոր ձեռնարկներուն»:

 ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց կազմակերպութեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը, եւ քննարկման միջոցով բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց ընելիքները:

 «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ տօնակատարութիւններէն առաջ պիտի կազմակերպուի մամուլի ասուլիս, պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ ՀՄԸՄ սկաուտական 11-րդ բանակումի , ՀՄԸՄ մէկդարեայ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողովի, ՀՄԸՄ 100 ամեակին նուիրուած նամականիշի թողարկման եւ մարման, Գիւմրիի մէջ ՀՄԸՄ 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:  «Բանակումին պիտի մասնակցին 1100-է աւելի սկաուտներ աշխարհի 26 երկիրներէ, 600 երիտասարդ Հայաստանէն», – աւելցուց ան:

 

 

Scroll Up