Մահացած Է «Հայերն Այսօր» Պարբերականի Գլխաւոր Խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեանի Մայրը

Փետրուար 27-ին, 66 տարեկանին մահացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեանի մայրը` Լիա Գալստեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմն այս անդառնալի կորուստի ծանր պահուն կը ցաւակցի Լուսինէ Աբրահամեանին, անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն` ցանկալով հոգիի տոկունութիւն, համբերութիւն եւ անամոք ցաւին դիմակայելու կարողութիւն:
Հոգեհանգիստը տեղի կ’ունենայ փետրուար 28-ին, ժամը 18.00-ին Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի Խաչունց փողոցի 58 բնակարանին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը կը կայանայ մարտ 1-ին, ժամը 14:00-ին, նոյն հասցէին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: