Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստը

Մարտ 24-ին, ժամը 16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 8-րդ յարկ, 801 սենեակ):

Պիտի ներկայացուին սուրիահայերու հիմնախնդիրներու  լուծման ուղղութեամբ 2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող աշխատանքային ծրագիրները: Պիտի քննարկուին 2015 թուականին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած, ինչպէս նաեւ` ապաստան հայցող սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքներու հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up