Սփիւռքի Նախարարութիւնն Ու Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամը Կը Սերտացնեն Համագործակցութիւնը

Փետրուար 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչներու եւ նախարարութեան աշխատակիցներու միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեան:

Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ եւ՛ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ընթացքին, եւ՛ ՀՀ կառավարութեան 2017-2022 թթ. ծրագիրին մէջ հիմնական շեշտադրումը ուղղուած եղած է ներդրումներու, զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման, ուր ակնյայտօրէն դերակատարութիւն ունի նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը: «Փետրուարի 12-ին վարչապետ Կարէն Կարապետեանն այցելեց նախարարութիւն, քննարկուեց հայապահպանութեան հարցը, քանի որ այսօր ուծացումը սփիւռքի հիմնական մարտահրաւէրներից մէկն է: Այս ամէնին զուգահեռ` ՀՀ վարչապետը մեր առջեւ խնդիր դրեց շարունակել հետեւողականօրէն զբաղուել ներդրումների եւ  մասնագիտական ներուժի համախմբման խնդիրներով, որոնք արդէն իսկ մեր ուշադրութեան կենտրոնում են: Ունենք 13 մասնագիտական ցանցեր, եւ համահայկական մասնագիտական ընկերակցութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակւում են»,-նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարն ընդգծեց նաեւ, որ բոլոր գործարար ծրագիրներն անհատապէս ուղարկուած են սփիւռքահայ գործարարներուն, տեղադրուած են նախարարութեան կայքի «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժինին մէջ: ««Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր», «Իւրաքանչիւր հայ պէտք է տեսնէ Հայաստանը» եւ նախարարութեան այլ կարգախօսներն ուղղուած են նաեւ զբօսաշրջութիւնը խթանելուն: Իւրաքանչիւր հանդիպման, այցի ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացուի որպէս հնարաւորութիւններու երկիր»,-ընդգծեց Սփիւռքի նախարարը:

Այնուհետեւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեան ներկայացուց հիմնադրամի կառուցուածը, աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները, արդիւնքներն ու տեսլականը: Ան նշեց, որ ՀԶՀ միջազգային համագործակցութեան խումբը արդէն 30 ներկայացուցիչ ունի աշխարհի 25 երկրի մէջ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան ներկայացուցիչներու ընտրութեան հարցով աջակցութեան համար: Արմէն Աւակ Աւակեան ընդգծեց նաեւ, որ 2017 թուականին հիմնադրամը բազմապատկած է իր արդիւնքները. տարուան ընթացքին կատարուած են 15 միլիոն տոլարի ներդրումներ, կնքուած են 5.7 միլիար դրամի արտահանման պայմանագիրներ: «Դուք լաւ գիտէք սփիւռքը, մենք լաւ կը  տիրապետենք գործարար  ոլորտին, հետեւաբար համախմբենք մեր ուժերն ու աշխատինք նոր թափով»,-շեշտեց ՀԶՀ գործադիր տնօրէնը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարութեան աշխատակիցներն իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին Արմէն Աւակ Աւակեանին, հետաքրքրուեցան գործարար ծրագիրներուն եւ առկայ վիճակագրութեան մասին, քննարկուեցան համագործակցութեան յետագայ հեռանկարները:

Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Աւակ Աւակեանին եւ հիմնադրամի աշխատակազմին բաց համագործակցութեան համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնն արդիւնաւէտ կ’ըլլայ:

 

Scroll Up