«Եւրոպական Երկիրներ Այցելելու Փոխարէն` Նախընտրեցի Հայաստան Գալ».«Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Davit.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի մասնակից ՌԴ Աստրախան քաղաքէն ժամանած 16-ամեայ Դաւիթ Միրզոյեան ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ աչքի կ’իյնար իր կայտառութեամբ եւ անմիջականութեամբ:
Ձեռնարկին ողջ ընթացքին Դաւիթը ակնդէտ կը հետեւէր շուրջբոլորը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը ծանօթանար հասակակիցներուն հետ, իսկ երբ հնչեց հայկական երաժշտութիւնը, ան անմիջապէս, առանց մէկ վայրկեան կորսնցնելու` խանդավառուած սկսաւ պարել:
Դաւիթը, արտայայտելով հոգիի ուրախութիւնը, «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ մեր ազգային հոգեթով երգ-երաժշտութենէն մեծ ուժ կը ստանայ եւ հայրենասիրութեամբ կը լեցուի: Լսելով երաժշտութեան հնչիւնները` այդ պահուն ուր ալ գտնուի, կ’ուզէ պարել:
Դաւիթ Միրզոյեան դերասանական տաղանդով օժտուած է նաեւ: Ռուսական դպրոց յաճախելուն զուգահեռ` ՈՒՀԱ կը յաճախէ, որուն կազմին մէջ յաճախ շրջագայութիւններու կը մեկնի Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներ: Ժամանակին նաեւ սաքսոֆոն նուագած է:
Հայերէն այդքան ալ լաւ չի կրնար գրել-կարդալ, բայց ատիկա հայկական մշակոյթին հաղորդակցուելու համար խոչընդոտ չի հանդիսանար, քանի որ միշտ ազգային երգեր կը լսէ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ կը հետաքրքրուի:
«Հայաստան առաջին անգամ չեմ գար, վերջերս` Մայիս ամսուն եկած էի: Ճիշդ է, այցելութիւններուս ընթացքին շատ տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր կ’այցելեմ, բայց չեմ կրնար հանգամանալից տեղեկութիւններ ստանալ այդ վայրերու նշանակութեան մասին: Յոյսով եմ` «Արի տուն» ծրագիրի միջոցով կը կարենամ լրացնել այդ բացը եւ զիս հետաքրքրող հարցերու պատասխանները ստանալ: Առհասարակ, կը կարծեմ` սփիւռքահայերը գոնէ տարին մէկ անգամ պէտք է Հայաստան գան, շրջին թանգարաններով, եկեղեցիներով, գիւղերով եւ քաղաքներով` հասկնալու համար, թէ ինչպիսի Հայրենիք ունին»,- ըսաւ Դաւիթը:
Ան եղբօր խորհուրդով եկած է «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու, որպէսզի մէկ անգամ եւս տեսնէ Հայաստանը, շփուի հայրենակիցներուն հետ եւ շրջապատը նոր ընկերներով հարստացնէ: Ապա որոշման մասին տեղեկացուցած է ծնողներուն, որոնք սիրով իրենց համաձայնութիւնը տուած են:
Զրոյցի աւարտին Դաւիթ Միրզոյեան Հայաստանի յառաջընթացին եւ տնտեսական զարգացմանը նպաստելու իր տեսլականը ներկայացուց.
«Եթէ կ’ուզենք Հայաստանի համար որեւէ լաւ բան ընել, ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը եւ զբօսաշրջութեան աճը խթանել, ապա սփիւռքահայերս պէտք է պարբերաբար Հայաստան գանք: Ամառնային արձակուրդս եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ անցնելու հնարաւորութիւն ունիմ, բայց կը նախընտրեմ Հայաստան այցելել, որպէսզի չմոռնամ ծագումիս մասին: Եթէ օտար ափերու վրայ ապրող հայերը մոռնան իրենց ինքնութիւնը, ապա կը կորսնցնեն ազգութիւնը: Ես հա՛յ եմ, իմ արմատներս այստեղ են, եւ ես միշտ իմ Հայրենիքս պիտի գամ»:
Գէորգ Չիչեան