ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ` Գառնիկ Մկրտիչեանն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Փետրուար 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` Գառնիկ Մկրտիչեանը:

Քննարկուեցան Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու եւ ՀՄԸՄ 11-րդ սկաուտական բանակումներու կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Նշուեցաւ, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պիտի իրականացուին Հայաստանի մէջ յուլիս 19-29: ՀՄԸՄ 11-րդ սկաուտական բանակումին պիտի մասնակցի 1000-է աւելի սկաուտ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Տօնակատարութիւններու կազմակերպական աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով ստեղծուած է միջգերատեսչական յանձնաժողով, որուն անդրանիկ նիստը տեղի պիտի ունենայ մարտ 2-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Scroll Up