Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Յակոբ Հաւաթեանը
Փետրուար 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց անոր գործունէութիւնը, լիբանանահայ համայնքի կեանքին մէջ ունեցած ներդրումը: Հիւրին հետ զրոյցին նախարարը կարեւոր համարեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի պաշտօնական այցը Հայաստան` նշելով, որ այն երկու երկիրներու բարեկամութեան խորացման, գործակցութեան ընդլայնման նոր հեռանկարներ կը բանայ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայ համայնքին վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սուրիահայ համայնքի դժուարութիւններուն, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակներու տօնակատարութիւններուն:
Յակոբ Հաւաթեան կարեւոր նկատեց նաեւ լիբանանահայ դպրոցներուն առջեւ ծառացած խնդիրները եւ ընդգծեց, որ համայնքի գոյատեւման երաշխաւորը հէնց դպրոցն է: Համաձայնելով հիւրի հնչեցուցած տեսակէտին` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Սփիւռքը պահող երեք հիմնասիւներն են եկեղեցին, դպրոցն ու թերթը: «Այսօր սփիւռքում հայկական դպրոց պահելը հերոսութիւն է»,-շեշտեց Սփիւռքի նախարարը: Անդրադարձ կատարելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գործունէութեան` նախարարը նշեց, որ այն խոշորագոյն կեդրոն է, եւ նախարարութիւնը մեծ սիրով կը համագործակցի այս կառոյցին հետ :
Երկուստեք կարեւորուեցան լիբանահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումը, Հայաստանէն մասնագէտներու գործուղումը Լիբանան: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանի հայկական երգչախումբերը: