Դամասկոսի Հրթիռակոծումներուն Հետեւանքով Վնասուած Է Դամասկոսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Դրան Կից Գտնուող Պատը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/դամասկոս-1.jpg)
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան, զինեալ խմբաւորումներ, կրկին խախտելով արեւելեան Ղութայի լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը եւ 22 Յուլիսին սուրիական բանակին յայտարարած զինադադարը, հրթիռակոծած են Դամասկոսի զանազան շրջանները:
«Գանձասար»ի Դամասկոսի աղբիւրին համաձայն, հրթիռակոծուած է նաեւ Պապ Շարքի շրջանը, ուր կը գտնուի Հայ Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցին: Եկեղեցւոյ դրան կից գտնուող պատը վնասուած է, սակայն եկեղեցին լուրջ վնասներ չէ կրած:
Դամասկոսի ոստիկանատան մամլոյ քարտուղարը յայտնած է, թէ զինեալ խմբաւորումներ հրթիռակոծած են նաեւ Պապ ալ Սալամ շրջանը, ուր վիրաւորուած է երկու քաղաքացի: Իսկ Երեքշաբթի, 20 Փետրուարին, անոնք 114 հրթիռ արձակած են Դամասկոսի բնակչութեամբ հոծ զանազան շրջաններուն ուղղութեամբ: Զոհերուն թիւը, վերջին տուեալներուն համաձայն, հասած է 13-ի, վիրաւորներունը՝ 77-ի: