Գամիշլիի Մէջ Նռնակի Մը Պայթիւնին Հետեւանքով Արձանագրուեցան Վիրաւորներ
Գանձասար կը գրէ.
«Գանձասար»ի մեր աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին Գամիշլիի Քուաթլի պողոտային մէջ, Տելթա ճաշարանին եւ սուրիանի համայնքին պատկանող կեդրոնին ու երկրորդական վարժարանին մօտ պայթիւնի մը հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ, որոնց մէջ դպրոցական աշակերտներ։ Անվտանգութեան ուժերը յայտնեցին, թէ ահաբեկչական սոյն արարքը տեղի ունեցած էր շրջանի աղբամաններէն
մէկուն մէջ զետեղուած նռնակի մը պայթիւնին հետեւանքով։