(Արևելահայերեն) ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանի Եւ Սուրիահայ Փոքրիկներուն Ամանորը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/Lokh-Amanor1-720x479.jpg)
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կազդուրման կայանի փոքրիկներուն եւ լիբանանահայ վարժարաններու նախակրթարանի սուրիահայ աշակերտներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը:
120 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին կազդուրման կայանի օգնական ուսուցչուհիներու եւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին հետ անցուցին անմոռանալի պահեր:
Ձեռնարկին բոլոր փոքրիկները ծանօթացան իրարու եւ դաստիարակչական եւ ընկերային խաղերէ ետք, ստացան իրենց յատուկ նուէրներու ծրարները` կաղանդչէք, վզկապներ, գլխարկներ, ձեռնոցներ եւ այլն:
Ձեռնարկին աւարտին Կաղանդ պապուկի ժամանումը մեծ հրճուանք պատճառեց բոլոր փոքրիկներուն, որոնք Կաղանդ պապուկին հետ միասնաբար պարեցին հայկական պարեր եւ երգեցին տօնական երգեր:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը տպաւորիչ եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմեց լիբանանահայ եւ սուրիահայ փոքրիկներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: