Մայրենիի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկներ. Այցելութիւն Օշական, Արեւմտահայերէնին Նուիրուած Գիրքերու Շնորհանդէս Եւ Կլոր Սեղան-Քննարկում

Փետրուար 21-ին, ժամը` 11:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելութիւն Օշական, ծաղկեպսակի խոնարհում Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին, Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկ (լրագրողներուն տեղափոխող հանրակառքը կ’ուղեւորուի ժամը 10:00-ին, հասցէ` Վ. Սարգսեան 3):
Ժամը` 14:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի աջակցութեամբ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ 2016-2017 թթ. Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած արեւմտահայերէնին նուիրուած գիրքերու շնորհանդէս (հասցէ` Գ.Լուսաւորչի 15, 3.-րդ յարկ):
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան
Ժամը` 15:00-ին, գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ կլոր սեղան-քննարկում` նուիրուած արեւմտահայերէնի խնդիրներուն: