«Մայրենին Կը Պահանջէ Ամէնօրեայ Հոգատարութիւն, Պետական Հոգածութիւն». Սամուէլ Մուրադեան
Մայրենիի տօնին ընդառաջ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ, ի պաշտպանութիւն մեր ոսկեղինիկ լեզուի, հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ կը տեղադրուին, որոնց մէջ կ’արծարծուին նաեւ հայոց լեզուի աղաւաղումներու առնչութեամբ մեր լեզուաբաններու, գրականագէտներու, մտաւորականներէն շատերու ունեցած մտահոգութիւններն ու մտորումները: Այդպիսի հարցազրոյց մը ծաւալեցաւ նաեւ ճանչցուած գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրադեանի հետ, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
– Յարգարժա՛ն փրոֆէսոր, Մայրենիի տօնին մասին են իմ հարցերս. տօն, որ, չես գիտեր ինչու, կը սահմանափակուի միայն այդ օրուան ծիրէն ներս. ի՞նչ կ‘ըսէք Մայրենիի օրուան եւ հայոց լեզուի արդի իրավիճակին մասին
-Մայրենիի օրուան վերաբերեալ կարելի է եւ՛ շատ խօսիլ, եւ՛ կարճ խօսիլ, սակայն կարեւորն այսօրուան խնդիրներուն մասին խօսիլն է. այսօրուան Մայրենիի իրավիճակը մեզի մտահոգուելու առիթ կու տայ: Հեռուստաընկերութիւններու, հեռուստադրուագներու, հաղորդավարներու, մեր խօսնակներու, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ գործածուող լեզուն մեզի, իսկապէս, մտահոգուելու պատճառ կու տայ: Հայոց լեզուի այսօրուան աղաւաղումները ոչ թէ լեզուական, քերականական սխալներ են, այլ` մտածողութեան: Վատն այն է, որ ատոնք կը դառնան մտածողութեան սխալ. հայ մարդը երբեք այդպէս չէր մտածեր: Ի հարկէ, մեր գրական լեզուն հինէն հարստացած է գրաբարի, միջին հայերէնի, բարբառներու հիման վրայ եւ այսօր ալ կը շարունակէ հարստանալ, զարգանալ` բարբառներու տարրեր ներմուծելով եւ ստեղծել գրական գեղեցիկ լեզու, իսկ մեր լեզուն իր հարստութեամբ, իր գեղեցկութեամբ աննման է աշխարհի մէջ: Մեզմէ ոչ մէկը իրաւունք չունի մեղանչումներ թոյլ տալու հայոց լեզուի հանդէպ: Բարեկիրթ լեզու ունենալը կը նշանակէ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկիրթ քաղաքացի, կը նշանակէ մեր ամբողջ մշակոյթի, մեր պատմութեան, մեր հոգեւոր, հոգեմտաւոր հարստութեան ճշգրիտ ընկալում, գիտակցում եւ այդ համակարգին մէջ ճիշդ պատկերացնելու իրողութիւն, որ, ցաւօք, մենք յաճախ կը մոռնանք: Գաղտնիք չէ, որ վատին ձգած ազդեցութիւնը երբեմն շատ յաճախ աւելի մեծ կ’ըլլայ. գռեհկաբանութիւնը, ժարգոնը, փողոցի լեզուն երբեմն կը յայտնուին շատ անյարմար տեղերու մէջ, եւ մարդիկ սովորական կը դարձնեն այդպէս խօսիլը, կը կարծեն, որ կը խօսին իրենց ցանկացած ձեւով. ո՛չ, չի՛ կարելի: Կայ լեզուական օրէնք, նորմաւորուած գրական հայերէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն է: Այն աղմուկը, որ այսօր կը շարունակեն բարձրացնել ուղղագրութեան փոփոխութեան, Մաշտոցեան ուղղագրութեան վերականգնման հետ կապուած` ատոնք դատարկ խօսակցութիւններ են. ատոնք ուրիշ ակունքներէ, օտար աղբիւրներէ մեզի դուրսէն պարտադրուող բաներ են, մենք այդ բանավէճին կարիքը չունինք, որովհետեւ կա՛յ Հայաստանի Հանրապետութիւն, կա՛յ հանրապետութեան պետական գրական լեզու, լեզուի օրէնք, որ պէտք է գործէ հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ:
– Այո՛, պէ՛տք է գործէ, բայց չէ՞ որ գործող մարմինը` Լեզուի պետական տեսչութիւնը, որ պարտաւոր է այդ օրէնքներն իրականացնել, մեր կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ հետեւողական ըլլալ լեզուական աղաւաղումներու դէմ, այդքան լիազօրութիւններ չունի, անոր գործառոյթները սահմանափակ են…ի՞նչ ընել. պարո՛ն Մուրադեան, ինչպէ՞ս պայքարինք ամենակարեւոր ոլորտի` հեռուստաեթերներու կամածին հայոց լեզուի, սխալ շեշտադրութեան եւ ուղղախօսութեան, օտարալեզու վերնագրերով ֆիլմերու, հաղորդաշարերու անուանումներու հեղեղին դէմ…
-Ինչ ընել…առաջի՞ն հերթին անհրաժեշտ է պետական հսկողութիւն սահմանել լեզուական բոլոր գործառոյթներուն վրայ: Եթէ ինծի հնարաւորութիւն ընձեռուէր եւ լիազօրութիւն ունենայի այդ հարցով, ապա ես որոշակի չափանիշներ կը սահմանէի. եթէ տուեալ անձը կը համապատասխանէ, կը բաւարարէ այս պայմաններուն, անոր թոյլ կու տայի եթեր դուրս գալ, եթէ ոչ` կ’արգելէի: Մենք առանձնայատուկ ժողովուրդ ենք նաեւ այն իմաստով, որ Սփիւռքի հետ ունինք յարաբերութեան խնդիր. սփիւռքահայութիւնը շատ վտանգուած վիճակի մէջ է: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մեր եղբայրները, քոյրերը, մեր ժողովուրդի ապագայի մեծ մասը դուրսը կը գտնուի եւ ենթակայ է օտար լեզուներու գերիշխող տիրապետութեան: Ցաւով փաստ մը պէտք է արձանագրեմ, որ վերջերս լսած եմ. մեր մագիստրատուրայի աւարտական քննութեան ժամանակ Պէյրութէն եկած շատ լաւ, հմուտ մասնագէտ մը, որ Պէյրութի բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ հայերէն կը դասաւանդէ, ցաւով ըսաւ, որ Պէյրութի մէջ փակուեցաւ այսինչ կամ այնինչ դպրոցը, վարժարանը, Հայագիտականը, որ իրենք մասնագէտ պատրաստելու հնարաւորութիւն չունին եւ կը վախնան, որ օր մըն ալ Հայաստանէն կ’երթան Պէյրութ` արեւմտահայերէն դասաւանդելու…սա, յիրաւի, լուրջ մտահոգութիւն է: Մենք` հայաստանցիներս, պէտք է մտածենք նաեւ անո՛նց մասին. մենք, փա՛ռք Աստուծոյ, պետութիւն, պետականութիւն ունինք, անոնք ենթակայ են ուրիշ պետութեան հրահանգներուն. ըսելիքս այն է, որ մենք պէտք չէ ամէն տարի հաւաքուինք, մեր ներկայութեան եւ զեկուցում կարդալու դիմաց թռչնիկ մը դնենք, պէտք չէ բաւարարուինք միայն խօսքերով, ժողովներով, որոնց արդիւնքով որոշակի հարց չի լուծուիր: Մէկ խօսքով` Պարոնեանի ըսած նիստերու, ժողովներու շարան չգումարենք, որ չարժէ անգամ մէկ նիստ: Սպասենք ապրիլ ամսուն, կարեւոր իրադարձութիւններու ընթացքին, որմէ յետոյ տեսնենք, թէ տարբեր ոլորտներու մէջ ինչ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Մեր կեանքի բոլոր ոլորտներն ալ կարեւոր են, սակայն առաջնահերթ լուծում պահանջողը լեզուի խնդիրն է: Մենք բանաստեղծ մը ունէինք` Յովհաննէս Գրիգորեանը, որ լեզուի մասին բանաստեղծութիւն մը գրած էր եւ եզրափակած հետեւեալ տողերով`«Դուն ա՛յն ես, որուն կորսնցնելէ ետք այլեւս բան չենք ունենայր կորսցնելու»:
–Ձեր` գրականագէտի, մտաւորականի, հայ մարդու կարծիքը հայոց լեզուի մասին:
-Մենք ունինք 405թ. ստեղծուած Մաշտոցեան այբուբեն, որ մինչ այսօր անխափան գործի մէջ է: Աշխարհի ոչ մէկ լեզու հնչիւնային գրի եւ հնչիւնի համապատասխանութեամբ այդպիսի ներդաշնակութիւն ունի: Այդ նկատի ունէին գերմանացի հայագէտներ Գուդշմիդտը, Մարկվարտը. վերջինս կ’ըսէր, որ գերմաներէն տառերը ստեղծողները ողորմելի թզուկներ են հայերէն տառերը ստեղծած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի առաջ:
Մեր լեզուի հնարաւորութիւնները շատ բարձր գնահատած են թէ՛ մեր հայ լեզուաբանները, մտաւորականները, թէ՛ շատ յայտնի օտարազգի նշանաւոր հայագէտներ, պատմաբաններ, բանաստեղծներ:
Ես այն միամիտը չեմ, որ ըսեմ պէտք է դադրեցնել օտար լեզուներու հոսքը, ատոնք սորվիլը…ոչ, ի հարկէ ` ոչ, սակայն անհրաժե՛շտ է, պարտադիր է առաջին հերթին Մայրենի՛ն սորվիլ, հայոց լեզուն սրբօրէն պահելն ու պահպանելը, այս անթերի լեզուով գեղեցիկ ու ճիշդ խօսիլը: Մեր լեզուն իր էութեամբ բանալի է:
–Օտարաբանութիւններ, փոխառութիւններ շատ լեզուաբաններ ճգնած են թարգմանել հայերէն, երբեմն ալ` ձեւով մը հայերէնացնել…այդ բառերու շարքին կան նաեւ շատ ծիծաղելի թարգմանութիւններ. ո՞վ կը վերահսկէ այդ դաշտը:
-Շատ կարեւոր հարց է. այո,՛ խայտաբղետ է այդ դաշտը, ուր երբեմն կը հանդիպինք արհեստածին, զաւեշտի հասնող հայերէն դարձած բառերու, օրինակ` գինեկոլոգ-կնախտաբան, շամփայն-փրփրագմփիկ…կը յիշէ՞ք մեր դասախօսներէն Մինաս Հիւսեանը, որ թրամվային զրնգոն կ’ըսէր, թրոլէյպուսին` սրընթոն…նման մաքրամոլութիւնը մերժելի է: Պէտք է գտնել համապատասխան եւ ընդունելի բառեր: Ասոնք մտահոգիչ հարցեր են, այս դաշտին մէջ առայժմ վերահսկողութիւն չկայ:
–Պարո՛ն Մուրադեան, ըսէք, խնդրեմ, գրաւոր խօսքի առումով զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ ամենավատ վիճակը ո՞ւր է:
-Շատ վատ է համացանցի վիճակը. երբ մարդիկ տեքնիքապէս հայատառ գրելու հնարաւորութիւն չունին, կը ստեղծուին այլանդակութիւններ: Ի հարկէ, օտար լեզուի տառերով հայերէն բառեր, արտայայտութիւններ կը գրեն, հայատառ գրելու հնարաւորութիւն ունեցողներէն շատերն ալ գրագիտութեան պակաս ունին: Գրագիտութիւն ըսածը միայն տառաճանաչ ըլլալը չէ, այն կը նշանակէ` գիտելիքներու շտեմարան, պաշար: Դուք այսօրուան դպրոցի մասին դրական արտայայտուեցաք, սակայն ես այնքան ալ գոհ չեմ, որովհետեւ համալսարանի ընդունելութեան ներկայիս գործող կարգը վարկաբեկած է զինք. սկիզբը մեզի կը թուէր, թէ վտանգները կը նուազին, կ’ըլլան արդար քննութիւններ, սակայն այդպէս չեղաւ, այդ ձեւը յանգեցուց շտեմարաններու, ուր ի՜նչ անհեթեթութիւն ըսես` կը գտնէք: Այս պայմաններուն մէջ կ’առաջանան նաեւ անցանկալի բաներ. երեխային տրուող գիտելիքը պէտք է մատչելի ըլլայ, որպէսզի դպրոցականը չհիասթափուի հայոց լեզուէն, հայ գրականութենէն:
Մայրենին կը պահանջէ ամէնօրեայ հոգատարութիւն, պետական հոգածութիւն: Տօնի խորհուրդը, գաղափարը հրաշալի է, այդ օրուան պէտք է աւելի մեծ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն տալ, եւ ատիկա պէտք չէ դառնայ սոսկ օրուան տօն մը, որուն ծիրէն ներս աւարտուի ամէն ինչ: Բարեբախտաբար, ՀՀ սփիւռքի նախարարն այնքան ողջամիտ է, որ ըլլալով Սփիւռքի տարբեր հատուածներու մէջ, շփուելով հայութեան տարբեր շերտերու հետ` կ’առնչուի լեզուի այս կամ այն խնդրին, շատ լաւ կը հասկնայ լեզուի այսօրուայ վիճակը, սակայն ինքն ալ չունի լեզուի խնդիրներու հետ կապուած լիազօրութիւններ, ուստի բոլորի ջանքերը պէտք է միաւորել, եւ այս հարցը պէտք է լուծուի հեղինակաւոր, շահագրգիռ, սրտցաւ լեզուաբաններու, մտաւորականներու եւ պետութեան ղեկավարի, վարչապետի համատեղ գործունէութեամբ:
–Մայրենիի ապագայի հանդէպ Ձեր տեսլականը
-Չարենցի բառերով պատասխանեմ.
Այդ մե՛նք ենք երեւի այն ուղտը հաստակող,
որ Յիսուսի առակին հակառակ –
պիտի մտնենք` անգամ ասեղի նուրբ ծակով`
ապագայի դրախտը անարատ…
այդ մե՛նք ենք երեւի այն հարուստը,
որ անցեալի մեր այդ տկլորութեամբ հարուստ –
պիտի ժառանգենք մեր դարերի կորուստը,
որ բոլո՜ր տկլորներին սահմանուած է վերուստ…
Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի