«Ուր Ալ , Որ Բեմ Ելլեմ, Շրթունքներուս Հա՛յ Երգն է, Հոգիիս ՄԷջ` Հայաստանը». Արսէն Գրիգորեան-Մրօ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Մեր օրերու հայրենադարձածները` տուն դարձածները» հաւաք- ձեռնարկի ծիրէն ներս  հրաւիրուածներուն  մէջ էր նաեւ յայտնի ու սիրուած երգիչ Արսէն Գրիգորեան, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին անկեղծօրէն հիացայ Արսէնի պատասխաններով, անոր հոգիին մէջ այրուող հայրենասիրական  անեղծ, հայաշունչ զգացումներու  տարափով, որոնք Արսէն Գրիգորեան  կրնայ լաւագոյնս արտայայտել իր  չափազանց  տպաւորիչ կատարումներով: Հայրենասիրական  բնոյթի  իւրաքանչիւր ձեռնարկի, զանազան  հանդիսութիւններու ժամանակ Արսէնի տարերքը ազգային-ազգագրական, ժողովրդական երգերու փունջն է, որուն բոյրը երգիչի հոգիի, ներաշխարհի անդրադարձն է:

 –Արսէ՛ն,  չնայած  դուն հայրենադարձ ես, սակայն այնքա՜ն վաղուց եւ այնպէս միանգամէն դարձար հայաստանցի, որ երբեմն կը մոռնանք այդ մասին: Այնուամենայնիւ, պէտք է հարցս տամ հայրենադարձուելու վերաբերեալ. ե՞րբ   հայրենադարձուած էք, ի՞նչ տուաւ հայրենադարձութիւնը:

-Կը կարծեմ, որ  Հայրենիքէն դուրս ոչ իր կամքով  ծնած իւրաքանչիւր հայու համար կարեւորր վերադարձն է: Այն գիտակցումը, որ ինք հայու դաժան ճակատագրի բերումով ծնած է այս կամ այն երկրին մէջ, դեռեւս աւարտ չէ, հակառակը ` ատիկա  նոր կեանքի սկիզբ մըն է Հայրենիքի մէջ: Ճիշդը վերադարձի ճանապարհն է, որ ես ընտրեցի 1987 թուականին: Ընտանիք  կազմած եմ Հայաստանի մէջ, կինս Երեւանի ծնունդ է, երեխաներս այստեղ  ծնած են, ես այստեղ  կայացած եմ. 30 տարի է, որ կ’ապրիմ ու կ’աշխատիմ   Հայաստանի մէջ, կ’երգեմ Հայաստանի մէջ, Հայաստանի մասին, Հայաստանի՛ համար: Ուր ալ, որ բեմ ելլեմ, յաջողութիւններ ունենամ, իմ շրթունքներուս հայ երգն է, հոգիիս մէջ` Հայաստանը: Ամենամեծ պարգեւը ինծի համար այն է, որ ես  կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, կ’արարեմ  հէ՛նց հայու համար:

Ծնած ես Սուրիա` Գամըշլի. Կը կարօտնա՞ս  ծննդավայրդ. այդ կարօտի թեւերով երբեմն կըլլա՞ս այնտեղ, փորձա՞ծ ես  երթալ  մանկութեան հետքերով:

-Այո՛, կը կարօտնամ իմ դպրոցս,  ընկերներս, մեր թաղամասը,  մեր եկեղեցին, մեր աւանդապաշտ, հայկական զօրեղ միջավայրը ուր ստացած եմ հայեցի դաստիարակութիւն: Շատ զօրեղ միջավայր էր նաեւ Հասաքէի մէջ, մենք այնտեղ ապրած ենք: Ընդամէնը 60 ընտանիք կար այնտեղ, սակայն շատ զօրեղ էին այդ ընտանիքները: Բնական է, որ կարօտի զգացում ունենամ: Երկու-երեք տարին անգամ մը այցելած  եմ ծննդավայրս, որուն շնորհակալ եմ իմ ստացած դաստիարակութեամբ, շնորհակալ եմ այնտեղի հայկական փոքրաթիւ  համայնքին, որովհետեւ այնքա՜ն  զօրեղ էին հայկական արմատները, այնքա՜ն  ազգային  ու հայեցի էր մեր ապրելակերպը, որուն դալար շիւերն այսօր իմ ստեղծած ընտանիքէս ներս  սաղարթ կը դառնան. ոչինչ հէնց այնպէս կ’անցնի:

Արսէ՛ն, կ’ընդունի՞ս, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը տուն է` Տան` Հայրենիքի մէջ:

-Ես շատ բարձր կը գնահատեմ Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը: Կը շնորհաւորեմ նախարարը`վերընտրուելու առիթով. ան՛ դրաւ առաջին հիմնաքարը,  Հրանոյշ Յակոբեանը՛  կեանքի կոչեց այդ նորաստեղծ նախարարութիւնը: Ես նախարարին ալ ըսած եմ այդ մասին, հիմա ալ  կ’առաջարկեմ, որպէսզի վերանուանէք Հայրենադարձութեան նախարարութիւն. միայն հայրենադարձութիւնն է, որ կրնայ  ոտքի կանգնեցնել մեզի: Նախարարութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ` մեր տան մէջ, մագնիտ մըն է, ձգողական ուժ. պէտք է այնպէս ընենք, որ դուրսը ապրող  հայերը գա՛ն, ապրին այստե՛ղ եւ ներդրումներ կատարեն Հայրենիքի մէջ` ի նպաստ Հայաստանի, ոչ թէ սպասեն, որ  իրենց ոտքին  քար մը դիպչի, նոր գան: Միասի՛ն պէտք է աշխատինք  հզօրացնել մեր Հայրենիքը: Ես  առիթներու պարագային  ըսած եմ, որ արտագաղթը կարելի է լուծել  նաեւ հայրենադարձութեամբ:

Ին՞չ է Հայրենիքը Արսէն Գրիգորեանի համար:

-Հայրենիքը եւ՛ բարոյական, եւ՛ ֆիզիկական երեւոյթ է, ես կը փորձեմ , որ իմ երեխաներս այդ պարգեւէն օգտուին, զուրկ չմնան, որ ամէն առաւօտ արթննան Հայաստանո՛վ, Հայաստանի՛ համար: Ես բնիկ սասունցի եմ. եթէ այսօր իմ տան մէջ թուրք կամ քիւրտ կ’ապրի, ատիկա դեռ անոր տունը չէ, ատիկա  դեռեւս անոնց Հայրենիքը չէ: Ես կը ցանկամ ապրիլ ոչ թէ միայն ինծի համար, այլ` Հայրենիքիս: Հայրենիքը ինծի համար ամբողջական, միացեալ Հայաստանն է:

Կը հաւատա՞ք Հայաստանի `  բանաստեղծի բառերով` «Վարդահեղեղ ապագային»:

-Այո՛, կը հաւատա՛մ: Մենք հրաշալի երիտասարդութիւն ունինք, ապագան անոնց ձեռքերուն մէջ է, իսկ ես կը հաւատամ անոնց. անոնք ապրիլեան քառօրեային խիզախ մեր զինուորներն են, որոնք, անգամ առանց  զէնքերու, ոգիո՛վ կրցան յաղթել:  Այսպիսի երիտասարդներ ունեցող  երկրի, ժողովուրդի  վարդահեղեղ ապագային անպայմա՛ն կը հաւատամ:

Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի

75 76

Scroll Up