Տեսակապով Հանդիպում` Աւստրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Փետրուար 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսակապով հանդիպում Աւստրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարի խորհրդական Կարէն Գալոյեան, Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանէսեան, Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Աւստրիոյ հայ համայնքէն հանդիպման կը մասնակցէին Աւստրիոյ հայ առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան նախագահ Վահագն Ամիրջանեան, վարչութեան փոխնախագահ Էդուարդ Ֆրանգուլեան, «Յովհաննէս Շիրազ» դպրոցի փոխտնօրէն Մարինէ Սադոյեան, վարչութեան անդամներ:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատկապէս կարեւոր համարեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Սարդարապատի հերոսամարտերու 100, Երեւանի 2800 ամեակներներու միասնաբար նշումը, համաեւրոպական խաղերու պատշաճ իրականացումը, Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի ներկայացուցիչներու աշխոյժ մասնակցութիւնը: Նախարարը նշեց, որ այս տարի տեղի կ’ունենան լրագրողներու ու ճարտարապետներու համաժողովները, երիտասարդներու համահայկական հաւաքը, որոնց նպատակն է Հայաստան-Սփիւռք, սփիւռք-սփիւռք կապերու սերտացումը, փոխճանաչողութիւնն ու համագործակցութեան ընդլայնումը: Նախարարը յորդորեց համայնքի ներկայացուցիչներուն ստեղծել մասնագիտական ընկերակցութիւններ, դառնալ համահայկական մասնագիտական ցանցերու անդամ: «Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ընթացքում քննարկուած բազում հարցերից այսօր կը ցանկանայի առանձնանցել երկուսը` հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը եւ սահմանապահ գիւղերին աջակցութեան ծրագիրը, որն անցած տարի նախաձեռնեց Սփիւռքի նախարարութիւնը: Լիայոյս եմ, որ այս երկու ուղղութիւններով համայնքում աշխատանքներ տարւում են: Ուրախ եմ նաեւ, որ համայնքը սկսել է համահայկական հարցերը քննարկել միասնաբար»,-նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Աւստրիոյ հայ առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան նախագահ Վահագն Ամիրջանեան տեղեկացուց, որ սերտօրէն կը համագործակցին Աւստրիոյ հայկական միութիւններուն հետ եւ կը պատրաստուին համատեղ նշել Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Երեւանի յոբելեանները: Ան անդրադարձաւ նաեւ մէկօրեայ դպրոցներու դասագիրքերու սակաւութեան, «Հայերէնը` որպէս օտար լեզու» ձեւաչափով դասագիրքերու բացակայութեան խնդիրներուն: Այդ կապակցութեամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ համագործակցելով Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային հետ` այս խնդիրները լուծումներ կը ստանան, եւ աշխատանքներ արդէն կը տարուին:
«Յովհաննէս Շիրազ» դպրոցի փոխտնօրէն Մարինէ Սադոյեան շեշտեց, որ դպրոցը կը համագործակցի նախարութեան հետ, աշխուժօրէն մասնակցած է նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան, իսկ այս տարի դպրոցի աշակերտները պիտի մասնակցին նաեւ նախարարութեան միւս ծրագիրներուն:
Ներկայացնելով «Իմ Հայաստան» փառատօնը` Էդուարդ Եսայեանց յոյս յայտնեց, որ փառատօնին պիտի մասնակցի նաեւ Աւստրիոյ «Անի» երգչախումբը:
Այնուհետեւ տեսակապով հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի մէջ ներդրումներուն, բարենպաստ գործարար միջավայրին, երկքաղաքացիութեան խնդիրներուն առնչուող հարցեր: