Օտեսայի ՄԷջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Տօնը

Ինչպէս հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Օտեսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ եւս նշուեցաւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած քրիստոնէական այս հետաքրքիր աւանդոյթը` 40 օրական մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը` Տեառնընդառաջը:
Ծիսակատարութիւնը սկսաւ փետրուար 13-ին` երեկոյեան ժամերգութեամբ, յընթացս որուն «Հայր մեր»-էն առաջ օրուան խորհուրդին համահունչ քարոզ կատարեց օտեսահայերու հոգեւոր հովիւ Տէր Աբգար քահանայ Գըլըճեան.
-Տեառնընդառաջի տօնը Տէրունի է, քանզի Աստուածայայտնութիւնը բացայայտող սուրբգրային իրողութիւն է: Այսօր ոչ թէ հայցելու, այլեւ սրտաբացութեան օր է: Ինչպէս Աստուածորդին խոնարհեցաւ եւ դէպի մեզի եկաւ մեր փրկութեան համար, այնպէս եւ մենք պարտաւոր ենք` Սիմէոն ծերունիի եւ Աննա մարգարէուհիի նման բաց սրտով ընդառաջ երթալ Անոր` մեր Փրկիչին…
-Արդ, ապրինք ճշմարիտ կեանքով` կատարելով Անոր պատուիրանները:
Տեառնընդառաջի հնօրեայ աւանդոյթներուն մեր օրերուն աւելցած է եւս մէկը` ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ տօնը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եկած նորապսակ զոյգերը եւս օրհնութիւն ստացան: Արարողակարգն աւարտեցաւ քահանայի յուսադրող խօսքերով. «Վստահ եմ` ճիշդ ընտրութիւն կատարած էք եւ Աստուծոյ կամօք կազմած ձեր ընտանիքները: Թո՛ղ ամուր եւ անսասան ըլլան անոնք` հիմնուած սիրոյ ու հաւատարմութեան վրայ: Աստուծոյ օրհնութեամբ` Սուրբ Աստուածածինի օրինակով, դուք ալ, ձեռքերու վրայ պահած` ձեր մանուկներուն բերէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճար»:
Այնուհետեւ, Տէր Հօր առաջնորդութեամբ եւ հոգենորոգ շարականներու երգեցողութեամբ` տօնականօրէն զգեստաւորուած սպասաւորները դուրս եկան եկեղեցւոյ շրջաբակ, ուր եւ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը: Ինչպէս քնարերգուն նկարագրած է`
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւ՜ն թող ըլլայ…
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութիւ՜ն թող ըլլայ…
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութիւ՜ն թող ըլլայ…
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերու՜մ թող ըլլայ…
Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի` Տեառնընդառաջը նաեւ լոյսի տօն է. «Ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ Փրկիչին ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք»:
Հետեւաբար, սուրբ տաճարի բուն կանթեղէն վերցուած կրակով անոր յարակից բակին մէջ բոցավառուեցաւ աւանդական խարոյկը` իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Եւ ճարճատող խարոյկի շուրջ բոլորեց ուրախ պարը, կրկին հաւաստելով, որ քրիստոնէական ծէսերն ու տօները շաղախուած են ժողովրդական աւանդոյթներով, համեմուած են ազգային մշակոյթի դրսեւորումներով, եւ իւրաքանչիւրն ալ իւրովի նման է գեղեցիկ զարդի, որոնք զօդուած են անգին քարերով …
Հոգեւոր հովիւն օրհնեց նաեւ բակին մէջ տեղադրուած տօնական սեղանը, որուն վրայ գտնուող զամբիւղներն ու սկուտեղները լի էին տօնի խորհուրդը ներկայացնող ուտեստներով:
Հինաւուրց աւանդոյթի համաձայն` ներկաները հիւրասիրուեցան մեղրաջրով պատրաստուած աղանձով ու աւանդական գաթաներով, որոնք մատուցուեցան նրբաճաշակ ձեւաւորուած նուէրներու տեսքով: Հիւրասիրութիւնը, հայ համայնքի մշակոյթի տան տնօրէն Աննա Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ, պատրաստուած էր համայնքին մէջ գործող տիկնանց միութեան եւ երիտասարդ մայրերու խորհուրդի համատեղ ջանքերով: Այն օրինակելի հայուհիներու` տատիկներու ու մայրիկներու ջերմ սիրոյ արտայայտութիւնը եւ հմուտ ձեռքերու շնորհքն էր: Երիտասարդներուն ցորենի հասկեր բաժնուեցան` յանց բարօրութեան ու բերկրութեան, լիութեան ու առատութեան խորհրդանիշ եւ իւրօրինակ մաղթանք անոնց ընտանիքներուն` մանկանց ծնունդներու, գերդաստաններու աճի, ամենայն լաւի ու բարիի: Իր հետաքրքիր տեսքով սեղանին աչքի կ’իյնար ցորենահասկերէն հիւսուած փունջ մը` խաչբուռը, որ իր մէջ կ’ամփոփէր օրուան խորհուրդը: Այդ գեղեցիկ խորհուրդն իր հոգիին մէջ կրած, զգացած ու վարպետօրէն բարցրաձայնած է արեւմտահայ սիրուած բանաստեղծը.
Ես հիւսեցի զանոնք, գիսակ առ գիսակ …
Իմ յոյսերուս, իղձերուս հետ հիւսեցի,
Անոնց մէջ է յոյզն արտին, հուրն արեւուն,
Խոփին փայլակն ու թեւիս թափն առնացի,
Պաղատանքն իմ թոռներուն …
Այս ամէնը հրաշալի էր` գրաւիչ ու խորհրդաւոր, հայեցի ու քրիստոնէական:
Իրօք, եկեղեցական ծէսի խորհուրդը միաւորուած էր հնուց եկող ժողովրդական գեղեցիկ տօնախմբութեան, որ Օտեսայի գեղատեսիլ վայրերէն մէկուն մէջ` Կակարինեան ծովափնեայ բարձունքի վրայ վեր յառնած հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ:
Նարինէ Մուրադեան, քաղաք Օտեսա
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»