Ինչպէս Ընենք, Որ Հայաստան Դարձնենք Լոյսի Օճախ. Գրեգ Սարգիսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/գրեգ-սարգիսյան.jpg)
Փետրուար 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան «Զօրեան» հիմնարկի նախագահ Գրեգ Սարգիսեանը եւ ՀՀ ԱԳՆ «Պետական արարողակարգի ծառայութիւն» գործակալութեան պետ, Գանատայի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Արմէն Եգանեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց «Զօրեան» հիմնարկի կատարած գիտակրթական աշխատանքները, բազմազան հրատարակութիւնները, որոնք կը վկայեն Հիմնարկի մեծ ներուժի մասին: Ան առանձնակի կարեւոր համարեց հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած անոնց ջանքերը:
Գրեգ Սարգիսեան անդրադարձաւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու հիմնախնդիրներուն, գիտականօրէն հիմնաւորեց աշակերտներու թիւի նուազման, դպրոցներու փակման եւ արեւմտահայերէնի կրողներու նուազման, այլ կրթական խնդիրներու պատճառահետեւանքային կապերը, տարբեր տարածաշրջաններու եւ Սփիւռքի տարբեր շերտերու վարքագիծի, հայապահպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշումներու միջեւ զուգահեռներ տարաւ եւ կարեւոր համարեց բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, որ ուղղորդող կը դառնայ լեզուի եւ ինքնութեան պահպանման գործընթացին: Ան նշեց, որ լեզուի պահպանութիւնը հայութեան համար գոյաբանական խնդիր է, եւ պէտք է համալիր մօտեցում ցուցաբերուի Հայոց պետութեան եւ սփիւռքեան այն կառոյցներուն կողմէ, որոնք կը զբաղին կրթական եւ, մասնաւորապէս լեզուի պահպանութեան խնդիրներով: Սփիւռքահայ գիտնականը նշեց, որ պէտք է փոխուի Սփիւռքի հայկական դպրոցներու տեսակը, մեթոտաբանութիւնն ու առողջ ստեղծարար միջավայր ձեւաւորուի, որպէսզի երեխան ապրի եւ խաղայ հայերէնով: «Չափազանց կարեւոր է, որ հայկական դպրոցները կապուին իրարու հետ, հայրենիքի հետ: Առանց հայրենիքի չի կրնար Սփիւռք ըլլալ, եւ ինչ պէտք է ընենք, որ Հայաստանը դարձնենք լոյսի օճախ»:
Քննարկուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ մշակուած` արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ռազմավարութեան առնչուող հարցեր:
Ամփոփելով քննարկումը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման ուղղուած այն աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, որոնք հայկական շահագրգիռ կառոյցներուն հետ համատեղ կ’իրականացուին: Ան կարեւոր համարեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի ողջ գիտական, մանկավարժական կազմակերպչական ներուժի համախմբումը` լուծելու Սփիւռքի հայկական դպրոցներու առջեւ ծառացած խնդիրները եւ մշակելու ու իրականացնելու որոշակի համալիր ծրագիր` ուղղուած արեւմտահայերէնի անաղարտութեան պահպանման, ստեղծելու միասնական դասագիրքեր: