Տեղի Ունեցաւ Հեռաժողով` Շուէտի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Յունիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռաժողով` Շուէտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեանն ու Վահագն Մելիքեանը, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Շուէտէն տեսակապով միացած էին Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի ղեկավար Արշակ Գաւաֆեանը, Շուէտի ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Սիլվա Գուլուզեանը, դեսպանատան աշխատակիցներ, համայնքի ներկայացուցիչներ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց հեռաժողովի մասնակիցները եւ շնորհաւորեց Արշակ Գաւաֆեանը` Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի ղեկավարի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:
Անդրադառնալով ապրիլեան դէպքերուն` նախարարը կարեւոր համարեց շուէտական համայնքին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տրամադրուած աջակցութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմից յետոյ Հայկական սփիւռքն առաւել համախմբուած եւ միասնական դարձաւ. կազմակերպուեցին ցոյցեր, միթինկներ, բողոքի ակցիաներ, դրամահաւաքներ, բացուեցին հիմնադրամներ: Օգնութիւնն այսօր էլ շարունակւում է: Այսօր մեր հիմնախնդիրը Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն է: Միայն հզօր Հայաստանը կարող է լուծել Արցախի հարցը: Պէտք է մտածենք մեր հնարաւորութիւնների, գիտելիքների, կապերի միջոցով հասնել Հայաստանի վարկանիշի բարձրացմանը: Սա պէտք լինի իւրաքանչիւր հայկական համայնքի խնդիրը: Ամենակարեւորը Արցախի միջազգային ճանաչման խնդիրն է»:
Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ հայոց լեզուի պահպանման խնդիրը` որպէս համայնքը հայ պահելու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու հզօր գործօն:
Հեռաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց նաեւ Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան: Դեսպանը նշեց, որ շուէտահայ համանքը աշխոյժ հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ, աւելցած է կիրակնօրեայ դպրոցներու թիւը, աշխոյժ է Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու գործունէութիւնը:
Դեսպանը յատկապէս կարեւոր նկատեց երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը համայնքային կառոյցներու գործունէութեան մէջ:
Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի ղեկավար Արշակ Գաւաֆեան յոյս յայտնեց, որ տեսակապը նախարարութեան հետ շարունակական կ’ըլլայ եւ համայնքը առաւել ներգրաւուած կ’ըլլայ նախարարութեան ծրագիրներուն մէջ: Ան նշեց, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնը, Հայ Դատի գրասենեակը որոշակի տեղեկատուական եւ լոպիստական աշխատանքներ կը տանին:
Քննարկուեցան նաեւ համայնքային խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները: