Վարդանանց Տօնի Խորհուրդը Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

«Վասն Յիսուսի, Վասն Հայրենեաց…Յառա՜ջ». Վարդանի հրամանը գոռաց։ Եւ այսպէս, Աւարայրով Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը դարձաւ Աստուածադրոշմ։
«Ղեւոնդեանց», «Վարդանանց» ու «Աւարայր», Հայու հաւատքը եւ ուժեղ կամքը խարսխող բառեր, Անո՜նք… Նոր սերունդին հոգեբանութեան եւ մտածելակերպին մէջ պիտի դառնան ազգային դաստիարակութեան եւ ինքնութեան դրսեւորման աւիշը։
7 Փետրուար 2018 ին, Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի Մեծ ընտանիքը հաւատարիմ մնալով «Վարդան»ի աննահանջ ուխտին, Վարժարանիս մատրան մէջ կոկիկ յայտագիրով մը նշեցին օրուան խորհուրդը, յաջորդաբար ներկայացնելով` Վարդանանքի հակիրճ պատմականը (երկլեզու), խմբային ասմունք` Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, նուագ կիթառով «Իմ Հայրենեաց հոգի Վարդան», «Նուարսակի Դաշնագիր»ի բացատրողական ընթերցանութիւնը, խմբային երգ «Վարդանի երգը», ասմունք` Յ. Շիրազի «Հայրենիք»ը։ Յայտագիրը աւարտեցին Տէրունական աղօթքով եւ Վարժարանիս հոգեւոր Հօր` Հ. Արիստակէս վարդապետին Պահպանիչով։ Եւ այսպէս, աշակերտները անգամ մը եւս վերանորոգեցին “Վարդանանց”ի յաղթական դափնեպսակով պսակադրուելու ուխտը։
Ալին Բանոյեան