Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը այցելեց Հալէպի հայ ազգային ծերանոց եւ հայ ազգային պատսպարան

Սեպտեմբեր 21-ին ՀՀ Անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան այցելեց Հալէպի հայ ծերանոց: Ծերանոցի տնօրէնի, խնամակալութեան խորհուրդի անդամներու եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւնի ուղեկցութեամբ Տիգրան Գէորգեան շրջեցաւ ծերանոցով եւ զրուցեց այնտեղ ապաստանած տարեցներուն հետ` հետաքրքրուելով անոնց կարիքներով եւ մտահոգող հարցերով:
Գլխաւոր հիւպատոսը ներկաներուն շնորհաւորեց ՀՀ Անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ եւ վստահեցուց, որ սուրիահայութեան, մասնաւորապէս սոցիալապէս առաւել խոցելի խաւերու` ծերերու եւ մանուկներու խնդիրները մշտապէս կը գտնուին ՀՀ իշխանութուններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ:
Տիգրան Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերանոցի աշխատակիցներուն իրենց անձնուէր աշխատանքին համար:
Նոյն օրը Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը այցելեց հայ ազգային պատսպարան (մանկատուն): Տիգրան Գէորգեան պատսպարանի սաներուն շնորհաւորեց նոր ուսումնական տարուան մեկնարկին առիթով` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ ուսման մէջ, իսկ տնօրինութեան վստահեցուց, որ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ պատսպարանի համագործակցութիւնը ապագային նոյնպէս պիտի շարունակուի:
Հանդիպման ընթացքին գլխաւոր հիւպատոսը եւ պատսպարանի տնօրինութիւնը քննարկեցին դպրոցական արձակուրդներուն երեխաներու հանգիստը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու հնարաւորութիւնը:
Հայ ազգային ծերանոց եւ պատսպարան այցելութեան ընթացքին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան երկու հաստատութիւններու տնօրինութիւններուն յանձնեց հայ բարերար Վարդան Սերմաքեշի կողմէ կատարուած դրամական նուիրատուութիւնը: