ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին կատարած աշխատանքներուն մասին, քննարկեցին յառաջիկայ ընելիքներն ու ձեռնարկները:

Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Մայրենիի օրուան, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակներուն, 2018 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ ընդգրկուած արեւմտահայ աշխարհահռչակ գրող Զապէլ Եսայեանի 140 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացումն ու պատշաճ լուսաբանումը, հայաստանեան համալսարաններ յաճախող սփիւռքահայ ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու աշխուժացումը: Նախարարն ամփոփեց նաեւ նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներուն հետ յունուար ամսուն իրականացուած աշխատանքային խորհրդակցութիւններու արդիւնքները:

Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:

 

 

Scroll Up